2009-12-13 13:36:28

Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԲԶ Քահայանապետին գործունէութիւնը



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը

Կիրակի, դեկտեմբեր 13, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ձեզ ամէնքդ ուրախութեամբ կ'ընդունիմ եւ յատուկէն կ'ողջունեմ մանուկները, որոնք ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած են օրհնել տալու մանուկ Յիսուսի արձանիկները Ծնունդի օրը, մսուրին մէջ դնելու համար։ Նորին Սրբութիւնը օրհնելէ ետք մանուկները ըսաւ. սպասումի մէջ ենք Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին ։ Հաւատացեալները կանչուած են վկայութիւն տալու Աւետարանին։ Պատրաստ ըլլանք եռանդուն վկաները ըլլալու Աստուծոյ անհուն ողորմութեան, գաղցրութեան ու բարութեան հանդէպ բոլոր մարդոց։ Թող մեր յոյսը ըլլայ վարակիչ, ու մեր գործերը եղբայրասէր։

Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի պատրաստութիւն ս. Ծննդեան։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը առաւօտուն այցելութիւն կատարեց Յիսուսի ս. Սրտի հիւանդանոցը ուր կը խնամուին ծանր հիւանդները։ Սրբազան Հայր քաջալերակն ու մխիթարական խօսք մը ուղղեց հիւանդներուն եւ գնահատեց բոլոր անոնք որոնք կը խնամեն հիւանդները

կաթողիկէ եկեղեցւոյ սատարը ընկերութեան բարգաւաճումին, խօսակցութեան նիւթը հանդիսացաւ Սրբազան Քահանայապետի եւ Կապոնի նախագէահին միջեւ։

Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելով կապոնի նախագահը` տիար Ալի Պոնկօ Օնտիմբա իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ս. Աթոռի եւ Կապոնի միջեւ գոյացող բարի յարաբերութիւններու մասին, ինչպէս նաեւ կապոնի կաթողիկէներու բերած սատարին երկրին բարգաւաճումին համար ու Կապոնի ժողովուրդին առձանագրած զարգացումին յատկապէս դաստիարակչական մարզին մէջ։

Ընդունելով Գուպայի նոր դեասպանին հաւատարմագրերը Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց կղզիի բարւոգումը կրօնական ազատութեան տեսակէտով։ Գուպան ըսաւ Սրբազան Հայրը, տնտեսական ու քաղաքական գետնի վրայ վճռական դեր կը կատարէ Գարայիպի եւ Լատին Ամերիկայի աշխարհամասին մէջ։ Սրբազան Հայրը մաղթեց որ բարի յարաբերութիւններ հաստատուի դրաձի ԱՄՆի հետ, երկու երկիրներու փոխադարձ օգտին, իւրաքանչիւր երկիր լիովին յարգելով ուրիշին գերիշխանութիւնը ու պետութեան ու քաղաքացիներու իրաւունքը։

''Յոյսի իրապաշտութիւնը'', շաբաթական խոկում անուան տակ Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը կը գրէ. Քահանայապետին վերջերս շնորհած բազմաթիւ ունկնդրութիւններու աշխարհի զանազան պետական նախագահներու, վարչապետներու եւ կամ դիւանագէտներու ընդմէջէն կարող ենք մատնանշել վերջին օրերուն կատարուած երեք ունկնդրութիւններ։ Ընդունելով Գուպաի նոր դեսպանը, Վատիկանի մօտ, Նորին Սրբութիւնը դիտել տուած է թէ հակառակ տասնեակ ամեակներու դժուարութիւններու դիւանագիտական գետնի վրայ ու Գուպայի եկեղեցւոյ կրած պէսպէս խոջընդտներու, Ս. Աթոռի եւ Գուպայի միջեւ դիւանագիտական կապերը բնաւ չխզուեցան եւ ներկայիս կապետը բարւոգուած են։

Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը Ռուսիոյ նախագահ Մետվետեւին հետ, առիթ հանդիսացաւ հաղորդելու դիւանագիտական կապերու հաստատումը Ս. Աթոռի ու Դաշնակցային Ռուսիոյ միջեւ, որ եզրափակումը հանդիսացաւ 20 տարիներու մօտեցումին։ Դէպի յառաջ նշանակալից քայլ մը, անցեալի համայնավար վարչակարգի թշնամութիւնը լոկ յիշատակ մը մնաց։

Հուսկ Վիէթկնամի նախագահի այցելութիւնը Քահանայապետին պէտք է նկատել կարեւոր հանգրուան մը դիւանակիտական կապերու կանոնաւորումին։ Վիէթնամին մէջ մեծ թիւով կաթողիկէներ կ'ապրին։ Անոնք աշխուժ համայնք մըն են եւ ներկայիս յոբելենական տարի մը կ'ապրին, հակառակ անցեալի բազմաթիւ դժուարութիւններու վիէթնամի կաթողիկէները յոյսով կը դիտեն ապագան։

Ս. Աթոռը, կը գրէ Րատիովատիկանի տնօրէնը` յիսուսեան հայր Լոմբարտին, համբերութեամբ ու հեռատեսութեամբ երկխօսութեան ցանցը կը հիւսէ ազգերու պատասխանատուներու հետ, խորհելով Եկեղեցւոյ բարիքը ու ժողովուրդներու խաղաղութիւնը այդ ազգերու մօտ։ Անոր դիւանագիտութիւնը հիմնուած չէ տկարութեան կամ փոխզիջումի վրայ, այլ Յոյսի իրապաշտութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.