2009-12-12 14:21:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապերին գործունէութիւնը։

Նորին Սրբութեան պատգամը գաղթականներու եւ փախստականներու օրուան առթիւ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապերին գործունէութիւնը։

Նորին Սրբութեան պատգամը գաղթականներու եւ փախստականներու օրուան առթիւ''Անոնց իրաւունքը մշտատեւ եւ բոլորէն պէտք է յարգուի '' կը հաստատ է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ, ուղղուած՝ միջազգային հասարակութեան, գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային 96-րդ օրուան առթիւ, որ կը յիշատակուի 17 Յունուար 2010-ին, ունենալով որպէս բնաբան. ''անչափահաս գաղթականներն ու փախստականները''։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ բացայայտօրէն կը շեշտէ թէ գաղթականը անհատ մըն է իրաւասու անձեռնմխելի իրաւունքերով, որ պէտք է միշտ յարգուի բոլորէն ։ Միաժամանակ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ պատասխանատուները հասկնալու արտահան գաղթականին կրած՝ դժուարութիւնները եւ մասնաւորապէս միջազգային հասարակութեան ուշադրութեան կը հրաւիրէ միլիոնաւոր անչափահասներու իրավիճակը։ Փոքրերը աւելի դիւրաբեկ են որովհետեւ ՜՜անզօր են իրենց ձայնը լսելի դարձնելու՝՝։

Ապա Սրբազան հայրը կը յիշեցնէ Քրիստոսի ազդարարութիւնը վերջին դատաստանի օրը. ''ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք ... Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ որ մերժեցիք օգնել այս փոքրիկներէն մէկուն, ինծի ալ մերժեցիք''։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը յիշեցնէ թէ ՜՜Մանուկ Յիսուսը՝՝ ապրեցաւ գաղթականի կացութիւնը։ Հերովդէսի սպառնալիքներուն պատճառով Մանուկ Յիսուսը պարտաւորուեցաւ Յովսէփի ու Մարիամի հետ միասին Եգիպտոս ապաստանիլ։

Հուսկ, իր պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կը մատնանշէ ողբերգական կացութիւնը բազմաթիւ փոքրերուն, որոնք իենց բախտին ձգուած են եւ շահագործումի ենթակայ , հակառակ ՄԱԿի մանուկներու իրաւունքի դաշնագրին։

Նաեւ՝Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը վերլուծէ կացութիւնը ՜՜գաղթականութեան մէջ ծնած փոքրերուն՝՝ եւ անոնց` որոնք նախ առանց ծնողքի կամ իրենց ծնողներէն հեռու ապրեցան եւ ապա անոնց միացան, օտարութեան մէջ։ Այդ փոքրերը տէր են երկու մշակոյթի, թէ իր առաւելութիւններով ու թէ իր հարցերով։ Այդ երկու պատկանելիութեան հետեւանքով անոնք կարելիութիւն կ'ունենան փորձարկելու եւ բաղդատելու հարստութիւնը երկու մշակոյթներու։

Սրբազան հայրը իր պատգամին աւարտին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր այն ժողովրդապետութիւններուն եւ քրիստոնէական եղբայրութիւններուն որոնք, ոգեւորուած հաւատքով ու սիրով, ամէն ջանք կը թափեն դիմագրաւելու եւ ամոքելու գաղթականներու ու փախստականներու կարիքներուն եւ միաժամանակ կը հրաւիրէ բոլոր քրիստոնեաները գիտակցելու օտարին պահանջներուն եւ մասնաւորապէս փոքրիկ օտարին պահանջներուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.