2009-12-12 13:04:24

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՉԱՅՑԵԼԵՆ։
՝՝News.am՝՝ լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ԵԱԿԻ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ), Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա), Եուրի Մերզլեաքով (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի ործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրճիք շրջան կատարած իրենց այցելութեան ընթացքին Հայաստան պիտի չժամանեն։ Իբրեւ յաջորդ հանգրուան, համանախագահները յառաջիկայ յունուարի սկիզբը Երեւան այցելելու մտադրութիւն ունին։
Այս այցելութիւնները ճամբայ պիտի հարթեն՝ հայաստանի ու ազերպայճանի նախագահներուն միջեւ 2010-ին կայանալիք հետագայ հանդիպումներուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հերքեց ազրպէյճանական հերթական անճիշդ յայտարարութիւնները։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՝ըսուի, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարը նախանցեալ օր կրկին կատարած է յայտարարութիւններ, ուր արդէն հերթական ձանձրացնող սուտը տարածած է Հայաստանի բնակչութեան թուաքանակի, զինեալ ուժերու համալրման եւ սահմանային միջադէպերուն մասին։ Այն տեղեկութիւնները, թէ Հայաստան մարդկային պաշարի պակաս ունի եւ չի կրնար անհրաժեշտ ստորաբաժանումները կազմաւորել, իրականութեան չեն համապատասխաներ։ Այս առնչութեամբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ աշնանային զօրակոչը կ՝ընթանայ ըստ ժամանակացոյցին, եւ արդէն աւելի քան 70 առ հարիւրով զօրքերու համալրումը իրականացուած է,նաեւ այն տեղեկութիւնները թէ հայկական կողմը երկու անգամ աւելի կորուստներ կրած է, քան ազրպէյճանականը, նոյնպէս ապատեղակատուութիւն է։ Ուշագրաւ է այն փաստը, որ Ազէրպէյճանի այս ինքնախաբէութիւնը հրապարակուած է միայն ռուսերէնով, հետեւաբար կը կրէ քարոզչական բնոյթ եւ առաւելաբար ուղղիճած է իր հայրենակիցներուն (կը նշուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ)։

Հիլարի Քլինթըն Հայաստանի Նախագահին Տեղեկացուցած Է Օպամայի Եւ Էրտողանի Հանդիպման Մանրամասնութիւնները։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Հիլըրի Քլինթընին նախաձեռնութեամբ՝ Դեկտեմբեր 10ի երեկոյեան տեղի ունեցած է հեռաձայնային զրոյց մը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Քլինթընի միջեւ։ Քլինթըն նախագահ Սարգսեանին տեղեկացուցած է ԱՄՆ նախագահ Պ. Օպամայի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռ. Էրտողանի Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպման մանրամասնութիւններու մասին: Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Նախարար Քլինթըն շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ իր հետեւողական աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու առանց նախապայմաններու եւ շուտափոյթ կարգաւորման ուղղութեամբ: Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս վերահաստատած է գործընթացին հետ կապուած հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ յարգելու իր
միջազգային պարտաւորութիւնները։   Կողմերը նաեւ քննարկած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր: Քլինթըն վերահաստատած է իր երկրի աջակցութիւնը ԼՂ-ի հակամարտութեան խաղաղ եւ երկարաժամկէտ կարգաւորման վերաբերեալ, միաժամանակ շեշտելով, որ ամերիկեան վարչակազմը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հանգուցալուծումն ու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն կարգաւորումը կը դիտէ որպէս իրարմէ անջատ գործընթացներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին ուղղութեամբ առաջընթացը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:

Թուրքիոյ Մէջ Փակուեցաւ Քրտամէտ Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը։

Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11ին վճռեց  փակել քրտամէտ Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութիւնը, զայն ամբաստանելով քիւրտ յեղափոխականներու հետ ապօրինի կապեր ունենալու յանցանքով: 11 դատաւորներէ բաղկացած ատեանը միաձայնութեամբ արձակած է սոյն որոշումը:
Ատեանը նաեւ որոշեց խլել կուսակցապետ Ահմէտ Թիւրքի եւ կուսակցութեան այլ անդամուհիի մը երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան իրաւունքը եւ անոնց ու այլ 35 կուսակցականներու արգիլել, որ յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին որեւէ քաղաքական կուսակցութեան անդամագրուին: Կուսակցութեան ստացուածքը պիտի գրաւուի իշխանութեանց կողմէ:  Քրտական եւ քաղաքական այլ կուսակցութիւններ փակելը սովորական երեւոյթ մըն է «ժողովրդավար» նկատուող Թուրքիոյ մէջ: 1954էն ի վեր 27 քաղաքական կուսակցութիւններ ապօրինի հռչակուած են երկրին Սահմանադրական Ատեանին կողմէ,վերջինը 11 դեկտեմբեր 2009ին։:







All the contents on this site are copyrighted ©.