2009-12-11 13:25:19

Լուրեր հայկական կեանքէն




Հայաստանի պատուիրակութիւնը, բնապահպանութեան առաջին փոխնախարար Սիմոն Պապեանի գլխաւորութեամբ, կը մասնակցի Դեկտեմբեր 7ին Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ սկսած Կլիմայի փոփոխութեան համագումարին եւ Քիոթոյի արձանագրութեան բարձրագոյն մարմնի կողմ երկիրներու համաժողովին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 18: Դեկտեմբեր 14ին համաժողովի աշխատանքներուն պիտի միանայ նաեւ ՀՀ բնապահպանութեան նախարար Արամ Յարութիւնեան՝ նախարարութեան երկու աշխատակիցներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.