2009-12-09 15:02:11

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԼԱԹՎԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՅՑԵԼԷ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով այսօր եռօրեայ պետական այցելութեամբ Հայաստան կը հասնի Լաթվիոյ նախագահ Վալտիս Զատլերսը։ Լաթվիոյ նախագահին դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը պիտի կայանայ դեկտեմբեր 10-ին, Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ։ Անոր պիտի յաջորդէ նախագահներու առանձին զրոյցը, ապա ընդլայնուած կազմով պաշտօնական պատուիրակութիւններու հանդիպում։ Լաթվիոյ նախագահի այցելութեան ծիրին մէջ երկկողմանի Միջ-կառավարական եւ միջ-գերատեսչական փաստաթուղթեր պիտի ստորագրուին։
Վալտիս Զատլերս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազգային ժողովի նախագահին, վարչապետին ու Երեւանի քաղաքապետին հետ, ապա պիտի հիւրընկալուի Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Լաթվիոյ նախագահը իր կնոջ հետ ներկայ պիտի գտնուի Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկի՝ Մատենադարանի հիմնադրութեան 50-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութեան։ Հայ-լաթվիական առեւտրական հաւաքի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Լաթվիոյ նախագահներու մասնակցութեամբ։ Նշենք որ Լաթվիոյ նախագահը նաեւ պիտի այցելէ Մեծ Եղեռնի Յուշահամալիր։

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵԱՀԿ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրջիքի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աշխատակազմի տեղեկատուական բաժինին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու հանդիպման կէտին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ վերջերս սահմանին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն։


Հայաստանը տաղաւարով մը կը ներկայացուի՝ Թուրքիոյ Զբօսաշրջութեան Տօնավաճառին։
Թուրքիան կ՝ողջունէ Հայկական Ճամբորդական գործակալություններու մասնակցութիւնը Թուրքիոյ զբոսաշրջութեան տօնավաճառին, որը կը հանդիսանայ Հայաստանի ներկայացուցիչներու առաջին մասնակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած այս տօնավաճառներուն , ինչպէս որ կը գրէ Today's Zaman– թրքական անգլիատառ օրաթերթը։ Ճամբորդական գործակալներու հայկական ընկերակցութիւնը առաջին անգամ կը մասնակցի Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան տօնավաճառին, որը կազմակերպուած է Թրքական ճամբորդական գործակալներու միութեան, Մշակոյթի և Արուեստի հարցերով Իզմիրի տօնավաճառներու ծառայութեան և Hannover-Messe ընկերութեան կողմէ ։ Տօնավաճառին կը մասնակցի 6 անդամներէ բաղկացած հայկական պատուիրակութիւնը որը կը գլխաւորէ Ճամբորդական Գործակալներու հայկական ընկերակցութեան նախագահ Եղիշէ Թանաշեանը: Ինչպէս որ կը նշեն տօնավաճառի կազմակերպիչները, հայկական պատուիրակութիւնը Ադրբեջանի և Վրաստանի պատուիրակութիւններու կողքին իրեն յատկացուած տաղաւարով կը ներկայացնէ Հայաստանի զբոսաշրջության հնարաւորութիւնները։ Տօնավաճառը կազմակերպող ընկերութիւններէ մեկուն ներկայացուցիչը ՝՝Անատոլու՝՝լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է որ ՝՝իրենք դրական են գնահատում Հայաստանի մասնակցութիւնը տօնավաճառին՝՝նշելով, որ «դա կարևոր քայլ կլինի երկու ազգերի հարաբերությունների բարելավման գործընթացքում՝՝ : Թուրքիոյ Մշակոյթի և Զբօսաշրջութեան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայը նոյնպէս կը մասնակցի տօնավաճառին և անպայման կը կանգնի հայկական տաղաւարի մօտ:







All the contents on this site are copyrighted ©.