2009-12-08 12:28:59

Լուրեր հայկական կեանքէն


Ուքրանահայերու «Արագած» Թերթը 15 Տարեկան
Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ 1994էն ի վեր լոյս կը տեսնէ «Արագած» պետական պաշտօնական թերթը, որ տեղւոյն հայ համայնքի հայերէն լեզուով տպագրուող ամենահին թերթն է։ Արդէն 15 տարի շարունակ թերթի գլխաւոր խմբագիրն է Ժենիա Ծերունեան, որ ատենօք դասաւանդած է «Վալէրի Պրիւսով» օտար լեզուներու համալսարանին մէջ եւ ներկայիս բազմաթիւ յօդուածներով հանդէս կու գայ նաեւ ուքրանական մամուլին մէջ։ Երբ 1994ին ան ստանձնեց «Արագած»ի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը, իր թերթի էջերուն մէջ պարբերաբար ներկայացուց Հայաստանի անցեալ ու ներկայ մշակոյթը, պատմութիւնը, եւ նաեւ հայ-ուքրանական ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը։ Թերթի էջերուն մէջ իրենց յատուկ տեղն ունին նաեւ Ուքրանիոյ հայերու կեանքին ու կենցաղին առընչուող նիւթեր։ Բանիմաց խմբագիրը յաջողած է իր շուրջ համախմբել ու ղեկավարել հայ եւ ուքրանացի հեղինակներ, եւ յաղթահարելով բազմաթիւ դժուարութիւններ, թերթը դարձած է սիրուած ու սպասուած պարբերական:
«Արագած» թերթը ներկայիս Ուքրանիոյ մէջ կը նկատուի երկրին մէջ գործող հրէական, ռումանական, պուլկարական, լեհական ու թաթարական փոքրամասնութիւններու հրատարակած թերթերու առաջատարը եւ հպարտութիւն կը պատճառէ տեղւոյն հայերուն (հակառակ որ փորձած էին փակել զայն): Ժենիա Ծերունեան իր երկարամեայ գործունէութեան համար բազմիցս արժանացած է ուքրանական մրցանակներու։

Արցախ - Աւելի քան 15 տարիէ ի վեր Արցախը ազատագրուած է Ազրպէյճանի լուծէն Հադրութն ու Մարտունին, Մարտակերտն ու Քարվաճառը ազատ են՝ շնորհիւ մեր ազատամարտիկներուն մղած հերոսական կռիւներուն։
Այսօր ազատ Արցախը արդէն մտած է վերաշինութեան եւ վերաբնակեցման գործընթացին մէջ։ Եթէ զինուորական գործողութիւնները անհրաժեշտ ռազմավարութիւն էին Ամբողջական Հայաստանի կերտումին համար, ապա վերաշինութիւնն ու վերաբնակեցումը լրացուցիչ պայմաններ են Արցախի գոյութեան համար։
Արցախի ազատագրութեան համար մղուած պատերազմին ընթացքին քանդուած կրթական, մշակութային, ընկերային բազմաթիւ կառոյցներ վերաշինութեան կարիք ունին, իսկ կարգ մը գիւղեր՝ հիմնովին վերականգնուելու։ Ազատագրուած տարածքը բնակեցուած տեսնելու համար անհրաժեշտ է արդիւնաբերութեան զարգացումը Արցախ աշխարհին մէջ։ Օդի ու ջուրի պէս կարեւորութիւն կը ներկայացնեն աշխատավայրերու ստեղծումը, որոնց միջոցով հայը պիտի աշխատի եւ ապրի իր պապենական հողին վրայ։
Արցախ Ֆոնտը հաղորդագրութեամբ կոչ կ'ուղղէ հայ ժողովուրդի անխտիր բոլոր միութիւններուն, անհատներուն եւ հաստատութիւններուն, զանազան առիթներով նուիրատուութիւններ կատարելու այս ֆոնտին։
Մօտ օրէն Արցախ Ֆոնտը հանրութեան սեփականութիւնը կը դարձնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին վերաշինութեան, վերաբնակեցման եւ արդիւնաբերական տարբեր ծրագիրներու մանրամասնութիւնները։ Անոնց իրականացման եւ հայրենիքի կենսական այս հատուածի հզօրացման գործընթացին համար մեր անսակարկ մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է։









All the contents on this site are copyrighted ©.