2009-12-08 12:30:39

Գանատա - Զմմառու վանքի հիմնադրութեան 260-ամեակին եւ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի երանացման 8-ամեակին զոյգ առիթներով,


Գանատա - Զմմառու վանքի հիմնադրութեան 260-ամեակին եւ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի երանացման 8-ամեակին զոյգ առիթներով, կազմակերպութեամբ Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ Սէն-Լօռան եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 22 Նոյեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, տեղի ունեցաւ բացառիկ նուագահանդէս մը, հովանաւորութեամբ Գերյարգելի Հայր Գէորգ վրդ. Զապարեանի,
նախագահութեամբ ազնուափայլ տիկին Ալիս Ներկիսեանի եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսականներու: Նուագահանդէսի կատարողութիւնը ստանձնեց Էմփերեալ սենեկային նուագախումբին եւ Ալեմշահ երգչախումբի մեներգիչներով 22 երաժշտագէտներով կազմուած խմբակը գլխաւորութեամբ երիտասարդ երաժշտագէտ՝ Լոռի Անտոնեանին:
Հայր Մեր Տէրունական աղօթքէն ետք՝ Հայերէնով եւ ֆրանսերէնով ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդական փոխանորդը:
Ձեռնարկին ընթացքին, օրուան պատգամը փոխանցելով՝ Գերյ. Հայր Գէորգ Ծ.Վ. Զապարեան ներկայացուց Զմմառու վանքի հակիրճ պատմականը, վեր հանեց անոր կարեւորութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ հայ ազգին համար: Ապա անդրադարձաւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի հերոսական կեանքին եւ մարտիրոսութեան: Նուագախումբին եւ երգչախումբին երկու ժամուան տեւողութեամբ ներկայացուցած դասական ու հոգեւոր 13 նուա$ներէ եւ 2 երգերէ բաղկացած հայ եւ օտար երաժիշտներու ստեղծագործութիւններու փայլուն ու բաձրորակ մեկնաբանութիւնը՝ արժանացաւ ներկաներու յոտընկայս ծափողջոյններուն եւ ջերմ գնահատանքին:
Հանդիսութեան աւարտին, ժողովրդապետ Հօր շնորհաւորական, քաջալերական ու շնորհակալական խօսքերէն ու Պահպանիչ-ի աղօթքէն առաջ, ծաղկեփունջեր յանձնուեցան խմբավար՝ Լոռի Անտոնեանին եւ հանդիսութեան նախագահուհի՝ տիկին Ալիս Ներկիզեան: Ինչպէս նաեւ ծաղկեփունջ մը յանձնուեցաւ Երանելի Մալոյեանի անմիջական ազգականներէն՝ ծերունազարդ Պ. Սայիտ Մալոյի:
Գանատա - Զմմառու վանքի հիմնադրութեան 260-ամեակին եւ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի երանացման 8-ամեակին զոյգ առիթներով,







All the contents on this site are copyrighted ©.