2009-12-08 12:26:59

Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ Տօնը

Հռոմ քաղաքը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ միասին կը մեծարեն մեծ շուքով ու հանդիսաւոր կերպով Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամի արձանը , բարձրացած' Հռոմի կեդրոնական Սպանիա հրապարակին վրայ։


Հռոմ քաղաքը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ միասին կը մեծարեն մեծ շուքով ու հանդիսաւոր կերպով Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը , բարձրացած' Յաւիտենական քաղաքի կեդրոնական Սպանիա կոչուած հրապարակին վրայ։



Երեքշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2009, տօն Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ, Հռոմի հրշէջները առաւօտեան ժամը 7.30ին շրջապատած էին Հռոմի կեդրոնը գտնուող ՜՜Սպանիա՝՝ անուան հրապարակը, ուր կը բարձրանայ Անարատ Յղութեան արձանը, մեծարելու՝ իրենց պաշտպան Սրբուհին։

Հրշէջներէն ամենէն տարեցին տրուեցաւ պատիւը որ բարձրանայ դէպի արձանը եւ Աստուածածնայ բազուկին վրայ զետեղէ ծաղկեպսակ մը տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ ու ծափողջոյներով։

Յետմիջօրէին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անձամբ հրապարակը եկաւ եւ մեծարեց Ս. Կոյս Մարիամը անոր ոտքին առջեւ զետեղելով ծաղկեպսակ մը , ու խնդրելով Անոր բարեխօսութիւնը ի պաշտպանութիւն Եկեղեցւոյ, Հռոմ քաղաքին ու համայն մարդկութեան։

Յայտնենք թէ Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուեցաւ ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1845ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։ Սրբազան Քահանայապետի կամքով բարձրացաւ Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ արձանը, շուրջ 30 մեթրնոց մարմարէ սիւնի մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորեց արձանին բացման արարողութիւնը 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 200 հրշէջներով։ Այդ թուականէն ի վեր, ամէն տարի մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով կը կատարուի Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը։ Արարողութեան կը մասնակցին մայրաքաղաքին բոլոր ներկայացուցիչները քաղաքական թէ եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները ,ծաղիկ զետեղելով յուշարձանին ոտքը։ Հաւատացեալները արշալոյսէն արդէն սկսած են հոն հասնիլ ծաղիկ զետեղելու եւ Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը հայցելու համար։



Շնորհալիի Մարեմեան Տիտղոս



Անարատ տաճար, առագաստ լոյսի,

Մայր անհրսնացեալ, Աստուածածին միշտ կոյս.

Մարգարէները գուշակելով քեզ ցոյց տուին.

Ծառ կեանքի, մէջն աստուածատունկ դրախտին.

Մովսէս տեսաւ քեզ անկէզ` մորենիի մէջ,

Եւ սափոր ոսկի, լի մանանայով.

Գէդէոն` գեղմն քաղցր ցօղով լիք,

Սաղմոն տեսաւ քեզ աղբիւր կնքեալ,

Եսայի ծանոյց քեզ, Կոյս յղացեալ։


 







All the contents on this site are copyrighted ©.