2009-12-07 13:22:41

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Գերմանիոյ Գոլոնիա թեմի առաջնորդը` կարտինալ Մէյսնէր։

Երեքշաբթի, 8 դեկտեմբեր, տօնն է Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի, ըստ լատինաց։ Նորին Սրբութիւնը յետմիջօրէին Հռոմի կեդրոնը գտնուող՝ Սպանիա կոչուած հրապարակը՝ ուր զեղեղուած է Անարատ Յղութեան արձանը, մեծ շուքով կը մեծարէ Անարատ Յղացեալ Ս, Կոյս Մարիամը ու արձանին ոտքը կը զետեղէ փունջ մը ծաղիկ։



Սրբազան Քահանայապետին խօսքը ՄԱԿի բնապահպանութեան գիտաժողովին, որուն աշխատանքները կը սկսին երկուշաբթի օրը Քոբենհակին մէջ։



Կիրակի օրը, Մարեմեան խորհրդածութեան աւարտին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ըսաւ. ՜՜ երկուշաբթի օրը բացումը կը կատարուի Գոբենհակի բնապահպանութեան միջազգային ժողովին։ Մաղթանքս է, որ ՄԱԿԻ գիտաժողովը ծառայէ բնութեան պաշտպանութեան ու պահպանումին, որդեգրելով աւելի զուսպ ու պատասախանատու ապրելակերպ մը ի պաշտպանութիւն չքաւորին, ընդհանուր բարիքին ու ապագայ սերունդին։ Աղօթքս է որ բարի կամք ունեցող մարդիկը յարգեն Աստուծմէ դրուած արարչագործութեան օրէնքը ու մարդու արժանաւորութիւնը՝՝։

Յայտենք թէ այս գիտաժողովին աշխարհի մեծ երկիրները պիտի աշխատին համաձայնութիւն մը գտնել, վերածելու՝ կազը։ Գիտաժողովին աշխատանքները կ'եզրափակուին 18 դեկտեմբերին։ Աւելի քան հարիւր երկիրներու նախագահները կամ վարչապետները ու նաեւ Վատիկանը կը մասնակցին այս յոյժ կարեւոր հաւաքին։

Հռոմի թեմի տեղապահը՝ կարտինալ Վալլինի այցելեց ՜՜Ռեճինա Չելի՝՝ անուան բանտը եւ պատարագ մատոյց բանտարկեալներուն։ Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ ծիրանաւորը նաեւ հաղորդեց Սրբազան Հօր ծննդեան բարեմաղթութիւնները։ Պատարագին մասնակցեցան կամաւորներ, պահակներ եւ աւելի քան հարիւր բանտարկեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.