2009-12-07 13:49:56

Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 7 Դեկտեմբերէն Կիրակի 13 Դեկտեմբեր 2009։


Երկուշաբթի 7 Դեկտեմբերին տօնն է Սուրբ Մինասի,Երմոնիգէի եւ Գրաբիոսի ինչպէս նաեւ Յովհաննէս եւ Ալեքսիանոս կամաւոր աղքատներու։

Մինաս աթենացի էր ծնունդով, Գաղերիոս կայսրը զինք ղրկած է Աղեքսանդրիա տեղական խռովութիւն մը հանդարտեցնելու պաշտօնով։ Մինաս՝ ճարտասան եւ գիտուն մարդ մըն էր յաջողութեամբ կատարեց իրեն յանձնուած այս պաշտօնը եւ իր քարտուղարին՝ Եւգրափոսին հետ մէկ տարի Եգիպտոս մնալով հրապարակաւ յայտնեց իր քրիստոնեայ ըլլալը։

Կայսրը այս լսելով Աղեքսանդրիա ղրկեց եպարքով Երմոգինէն որ ատեանին առջեւ կտրել տուաւ անոր լեզուն ու փորել տուաւ անոր աչքերը։ Երմոգինէ երբ տեսաւ Մինասի հրաշքով բուժուիլը ինք ալ քրիստոնեայ դարձաւ եւ Աղեքսանդրիոյ պատրիարքէն եպիսկոպոս օծուեցաւ ու սկսաւ քարոզել Աւետարանը ։ Կայսրը անձամբ Եգիպտոս գալով չարչարել տուաւ Մինասը եւ Երմոգինէն որոնք սակայն դարձեալ բժշկուեցան հրաշալի կերպով։ Եւգրափոս քարտուղարը յանդիմանեց Կայսրը իր այս անոպայ ընթացքին համար, այն ատեն թագաւորը գլխատել տուաւ նախ Եւգրափոսը եւ ապա Մինասն ու Երմոգինէն։

Մինասի,Երմոնիգէի եւ Գրաբիոսի հետ կը յիշատակուի Յովհաննէս եւ Ալեքսիանոս կամաւոր աղքատներուն տօնը ։

Յովհաննէս Պոլսեցի էր քրիստոնեայ ազնուական եւ հարուստ ընտանիքի զաւակ 12 տարեկանին ինքզինք նուիրեց ճգնասուն կեանքի ու ապրեցաւ կամաւոր աղքատութեան մէջ իր հացն ու ճաշը աշքատներուն բաշխելով։ իսկ Ալեքսիանոս Հռոմէացի ծերակուտականի մը միամօր որդին էր արհամարելով աշխարհի հրապոյրները իր հարսանիքի օրն իսկ փախելով ընտանեկան յարկէն գնաց ապրեցաւ որպէս մուրացկան ինքզինք նուիրելով բարեգործութեան։

Երեքշաբթի 8 Դեկտեմբերին տօնն է Կուռնելիոս հարիւրապետի, Շմաւոնի, Քրիստոսի ազգական Պողիկարպոսի՝ Զմիւռնի հայրապետի եւ արեւելցի վկաներու։

Կիւռնելիոս հարիւրապետ առաջին հեթանոսն է որ քրիստոնեայ դարձաւ։ Հաստատուած Կեսարիա քաղաքը Իտալացի կոչուած գունդէն հարիւրապետ մըն էր։ Բարեպաշտ ու երկիւղած մարդ մըն էր ան, ողորմութիւն կը բաշխէր ամէնուն ու միշտ կ՝աղօթէր։ Ան Մկրտուած էր ձեռամբ Ս. Պետրոսի ։ Քարոզած է Սկեփսիոն քաղաքը ու նաեւ չարչարանքներու ենթարկուած։

Շմաւոն՝ Ազգական քրիստոսի այս անձը մենք կը նոյնացնենք Տեառնեղբարներէն Սիմոնին հետ (Մարկոս Զ-3) աւանդութիւնը զայն կը նկատէ Երուսաղէմի Բ. եպիսկոպոսը, յաջորդած Յակոբին եւ 50 տարի այդ պաշտօնը կատարած։ Մատնուելով հռոմայեցի կառավարիչը զինք չարչարանքներու կ՝ենթարկէ ու Յիսուսի նման խաչի մահուամբ կը նահատակուի աւելի քան 100 տարեկանին։

Իսկ Պողիկարպոս Զմիւռնի հայրապետ՝ աշակերտ էր Յովհաննէս աւետարանիչին։ Լուկիոս Վերոսի հալածանքներուն , իմանալով որ իրեն դէմ ձերբակալումի վճիռ արձակուած էր անձամբ ընդառաջ երթալով ինքնամատոյց եղաւ ատեանին։ Յետ քննութեան ինքնին ընդունեց հրկէզ մահուան վճիռը եւ ի վերջոյ մեռաւ սուրով խոցուելով։

8 Դեկտեմբերին տօնն է Անարատ Յղութեան Լատին եկեղեցւոյ համար։

Իսկ Հայ Եկեղեցին Անարատ Յղութեան տօնը կը կատարէ 9 Դեկտեմբերին։

Աստուածածնի Յղութեան յիշատակը վերջին դարերուն միայն տօնելի եղած է եկեղեցւոյ մէջ։ Այս տօնը կը կատարուի որ օրն ալ հանդիպի։

Կաթողիկէ եկեղեցին 1854-ին իբր հաւատոյ վարդապետութիւն հռչակեց թէ Աստուածածնի Յղութիւնը Անարատ եղած է, բոլորովին ազատ ադամային սկզբնական մեղքէն։ Սակայն եկեղեցին առաջին դարերուն իսկ բանաձեւած էր Սրբուհի Մարիամ մայր Աստուծոյ աղօթքը, որ կը համառօտէ եկեղեցւոյ հաւատքը Յիսուսի Մօր հանդէպ։

Հինգշաբթի 10 Դեկտեմբերին տօնն է Եւստրատիոսի, Օգսէնտիոսի, Եւգինէոսի, Ովրէստէսի եւ Մարդարիոսի։

Հինգ հայ նահատակներ իրարու հայրենակից եւ վկայակից։ Անոնց մարմինները Եւստրատիոսի կտակին համեմատ տարուեցան եւ թաղուեցան Արօրակի մէջ շուրջ 302-ին որովհետեւ ինք Եւստրատիոս Արօրակ գիւղէն էր։

Շաբաթ 12 Դեկտեմբերին տօնն է Յակոբ Մծբնի հայրապետի ու Մարուգէ ճգնաւորին։

Սուրբ Յակոբ Մծբնի հայրապետը Նիկիոյ ժողովին հայրերէն մին է, որ նշանաւոր եղաւ իր ժամանակին մէջ հոգեշահ քարոզութիւններով, հրաշագործութեամբ եւ ճգնաւորական խստամբեր վարքով։

Ծնունդով ասորի էր, որդին էր Խոսրովուհիի՝ Լուսաւորչի հօրաքրոջ։ Անտիոքի Մելէս հայրապետը զինքը ձեռնադրեց Մծբնի աթոռի եպիսկոպոս։

Իրեն կը վերագրուին վարդապետական ճառեր եւ բարոյախօսական գրուածքներ։ Մեր եկեղեցւոյ ամէնէն ժողովրդական սուրբերէն մին է Ս. Յակոբը, իր տօնը շատ կանուխէն պէտք է հասած ըլլայ մեր մէջ։ 338-ին իր կեանքը կնքեց խաղաղ մահով։

Կիրակի 13 Դեկտեմբերին Յիսնակաց Ե. Կիրակին է։








All the contents on this site are copyrighted ©.