2009-12-06 15:28:14

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, դեկտեմբեր 6, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ձեզ ամէնքդ ուրախութեամբ կ'ընդունիմ տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. Ձեզ ամէնքդ ուրախութեամբ կ'ընդունիմեւ յատուկէն կ'ողջունեմ Սան Էճիտիօ եկեղեցական հասարակութիւնը , որ ներկայիս մասնաւորապէս կը խորհրդած է տարիքոտներու հայող հարցերուն։

Այս Կիրակին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, եկեղեցին կանչուած է քարոզելու ու պատրաստելու մարդիկը Փրկչին գալստաեան։ Ս. Յոհվաննէս Մկրիտչի նման թող տանք որ Աստուած խօսի մեր սրտին։ Աստուած մեզի կը խօսի խաղաղութեան ու արդարութեան մասին, ներքին ազատագրումին ու ճշմարիտ ապաշխարանքի մասին։

Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ իր ծոցին մէջ ընդունեցաւ Աստուծոյ պայծառ լոյսը. մեզի համար ըլլայ աղբիւր խաղաղութեան, ուրախութեան ու սիրոյ։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ լաւագոյն պատրաստութիւնը Յիսուսի ս. Ծննդեան։

Մարեմեան խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ երկուշաբթի օրը բացումը կը կատարուի Գոբենհակի բնապահպանութեան միջազգային ժողովը։ Մաղթանքս է, որ ՄԱԿԻ գիտաժողովը ծառայէ բնութեան պաշտպանութեան ու պահպանումին, որդեգրելով աւելի զուսպ ու պատասախանատու ապրելակերպ մը ի պաշտպանութիւն չգաւորին, ընդհանուր բարիքին ու ապագայ սերունդին։

Աղօթքս է որ բարի կամք ունեցող մարդիկը յարգեն Աստուծոյ դրած արարչագործութեան օրէնքը ու մարդու արժանաւորութիւնը։

Ձեզ ամէնքդ ուրախութեամբ կ'ընդունիմ:







All the contents on this site are copyrighted ©.