2009-12-06 15:29:53

Մայր Սոֆիա Յակոբեան՝ տիպար հայուհին


Մայր Սոֆիա Յակոբեան՝ տիպար հայուհին
Պարապ տեղ չէ որ Մայր կոչումին արժանացուցած են զինք։ Իր ժողովուրդին հանդէպ համակ սէր ու գուրգուրանք եղաւ այս հայուհին։ Հասաւ ուր որ պէտք էր եւ ընդառաջեց երբ որ դիմուեցաւ իրեն։ Շռայլ կեանք մը չապրեցաւ ան։ Շքեղ ու հանգստաւէտ պայմաններով չուզեց ապրիլ։ Ընդհակառակն՝ եղաւ համեստ, պարզ, կրթական եւ բարեսիրական գործին հաւատաց եւ իր նուիրատուութիւններով ու միութենական աշխատանքներու բերած մասնակցութեամբ արժանացաւ Մայր կոչումին ։
Այս տողերը կը վերաբերին բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանի, որուն կատարած նուիրատուութեան շնորհիւ հիմնուած է, այլ վարժարաններու շարքին, նաեւ Աթէնքի Լեւոն եւ Սոֆիա վարժարանը, որուն բարիքները վայելած են ու մինչեւ հիմա կը շարունակեն վայելել յունահայ գաղութի յաջորդական սերունդները։ Ով՞ է Սոֆիա Յակոբեան։
Ան ծնած է Պիթլիս։ Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ հայրը կը տարուի Իզմիր ու կը դրուի ամերիկեան որբանոց, ուր կը ստանայ իր կրթութիւնը։ Այնուհետեւ կը փոխադրուի Ամերիկա եւ հոն կ՛ամուսնանայ Լեւոն Յակոբեանի հետ։ Միասնաբար կ՛աշխատին ու կը ստեղծեն տարուէտարի բարգաւաճող գործ մը, լայն ժամանակ տրամադրելով նաեւ հանրային գործունէութեան։ Կանուխէն կը կորսնցնէ իր կեանքի ընկերը, որուն մահէն ետք կը շարունակէ հաստատուն պահել ընտանեկան գործը։ Իր ամուսնոյն մահը զինք մղած է առաւել եռանդով փարելու հանրային գործունէութեան, այս անգամ նաեւ ի յիշատակ իր ամուսնոյն։ Իր վաղամեռ ամուսնոյն յիշատակը յաւերժացնելու համար, ան չվարանեցաւ իրագործելու այնպիսի ծրագիրներ որ իր ամուսինը պիտի ուզէր ընել։
Կենսական նպատակներու ծառայող եւ ամուր հիմերու վրայ դրուած բարեգործութիւն այսպէս կարելի է սահմանել այն նպատակը զոր իրագործեց Սոֆիա Յակոբեան իր յաջորդական նուիրատուութիւններով։ Առաջին հերթին՝ Յիշատակի Տուն մը իր ամուսնոյն անունով, Ֆրեզնոյի շատ մօտիկ, գեղեցիկ շէնքով եւ ընդարձակ պարտէզով։ Այս Տունը ան նուիրեց Հայ Օգնութեան Միութեան-ՀՕՄ-, որպէսզի օգտագործէ բացօթեայ հաւաքոյթներու համար։ Ու դարձեալ ի յիշատակ իր ամուսնոյն, անոր սիրած թերթին՝ Ասպարէզին, 30 հազար տոլար նուիրելով շինել տուաւ հասութաբեր խանութներ։ Աւելի վերջ քառորդ միլիոն տոլար արժող իր հողամասը ան նուիրեց Հայ Կրթական Հիմնարկութեան իբրեւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Կրթական Ֆոնտ։ 1960ին Հայ Կրթական Հիմնարկութեան տրամադրութեան տակ դրաւ 25000 տոլար, որպէսզի այդ գումարով ձեռնարկուի Աթէնքի մէջ ազգային վարժարանի մը շէնքի կառուցման, բան մը որ երախտագիտութեասբ կը յիշուի յունահայ գաղութին կողմէ։ Աթէնքի Լեւոն եւ Սոֆիա վարժարանէն ետք, բարերարուհիին նուիրատուութեամբ դարձեալ, Պէյրութի մէջ եւս հիմը դրուեցաւ նոյն անունով գոլէճի մը, հայաշատ Պուրճ Համուտի մէջ։
Այս հիմնական նուիրատուութիւններու կողքին Սոֆիա Յակոբեան երբեք առիթը չէ կորսնցուցած այլ նուիրատուութիւններ կատարելու կրթական, եկեղեցական, բարեսիրական կազմակերպութիւններու որոնք դիմած են իրեն։
Աւելի քան 30 տարի Հայ Օգնութեան Միութեան Ֆրէզնոյի մասնաճիւղի եռանդուն ատենապետուհին եւ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան պատուակալ անդամը եղած է Սոֆիա Յակոբեան։ Բացի իր կատարած նուիրատուութիւններէն, ան ներկայութիւն էր ամէն տեղ եւ կը գլխաւորէր բարենպատակ ամէն գործ։ Ամէն տեղ էր եւ բարեսիրական ամէն գործի գլուխ։ Իր ներկայութիւնն ու աշխատանքը լաւագոյն գրգիռը կը հանդիսանան նաեւ շրջապատին համար, որպէսզի անոնք ալ ընեն այն, ինչ որ ինք կ՛ընէր այնքան նուիրումով ու պատրաստակամութեամբ։
Տիպար հայուհին լաւագոյն բնորոշումն է Մայր Սոֆիա Յակոբեանի, որուն անունը տակաւին երկար պիտի յիշուի սփիւռքի հայութեան տարբեր գաղթօճախներու կեանքէն ներս։







All the contents on this site are copyrighted ©.