2009-12-06 15:29:11

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 6 դեկտեմբեր, Դ. Կիրակի Յիսնակաց:

Ընթերցում Ս. Ղուկաս Աւերարանէն 14 գլուխ, 12-24 համարները։


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 6 դեկտեմբեր, Դ. Կիրակի Յիսնակաց:

Ընթերցում Ս. Ղուկաս Աւերարանէն 14 գլուխ, 12-24 համարները։



Ընթերցուած Սուրբ Ղուկաս Աւետարանէն



12Յիսուս ըսաւ զինք հրաւիրողին. ’’Երբ ճաշ կամ ընթրիք տաս, մի՛ հրաւիրեր ո՛չ բարեկամներդ, ո՛չ եղբարներդ, ո՛չ ազգականներդ, ո՛չ ալ հարուստ դրացիներդ, 13որպէս զի փոխարէն անոնք ալ քեզ չհրաւիրեն եւ հատուցում ըլլայ քեզի: Ընդհակառակն, երբ խնջոյք սարքես, հրաւիրէ աղքատները, հաշմանդամները, կաղերը, կոյրերը 14եւ երջանիկ պիտի ըլլաս, որովհետեւ անկարող են քեզի փոխադարձելու եւ փոխարէնը քեզի պիտի տրուի արդարներու յարութեան օրը’’: 15Այս խօսքերը լսելով՝ բազմականներէն մէկը ըսաւ Յիսուսի. ‘Երանի՜ անոր որ ճաշ պիտի ուտէ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ’: 16Յիսուս պատասխանեց. ’’Մարդ մը մեծ խնջոյք պատրաստեց եւ բազմաթիւ մարդիկ հրաւիրեց: 17Ընթրիքի պահուն, մարդ ղրկեց, ըսելու հրաւիրեալներուն. ‘Եկէ՛ք, ամէն բան պատրաստ է’: 18Ամէնքն ալ սկսան հրաժարիլ: Առաջինը ըսաւ. ‘Դաշտ մը գնեցի, պէտք է երթամ տեսնեմ. խնդրեմ, նկատի մի՛ առներ զիս’: 19Ուրիշ մը ըսաւ. ‘Հինգ լուծ եզներ գնեցի, կ’երթամ զանոնք փորձելու. խնդրեմ, հրաժարած համարէ զիս’: 20Ուրիշ մըն ալ ըսաւ. ‘Ամուսնացայ, չեմ կրնար գալ’: 21Վերադարձին՝ սպասաւորը այս պատասխանները հաղորդեց տիրոջ: Զայրացաւ տանտէրը եւ սպասաւորին ըսաւ. ‘Գնա՛ քաղաքին հրապարակներն ու փողոցները եւ բեր աղքատները, հաշմանդամները, կոյրերն ու կաղերը’: 22Յետոյ սպասաւորը դարձեալ եկաւ եւ ըսաւ. ‘Տէ՛ր, հրամաններդ կատարուեցան, սակայն տակաւին տեղ կայ’: 23Տէրը ըսաւ սպասաւորին. ‘Գնա՛ ճամբաներն ու պարտէզները, ստիպէ մարդիկ որ գան, որպէս զի տունս լեցուի’: 24Որովհետեւ, կ’ըսեմ ձեզի, նախապէս հրաւիրեալներէն եւ ո՛չ մէկը պիտի ճաշակէ իմ ընթրիքէս’’:








All the contents on this site are copyrighted ©.