2009-12-06 09:37:19

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն



Թումանեանի Ծննդեան 140րդ Ամեակը

ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 140րդ ամեակին նուիրուած Քալիֆորնիոյ հայ գրողների միութեան հանդիպումը, տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին հովանաւորութեամբ, գրադարանի սրահին մէջ:

Միութեան նախագահ՝ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան, նիստը բանալով, ուրախութեամբ ողջունեց Հայաստանի գրողների միութեան պատուիրակութեան ներկայութիւնը, գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի:

Փոխադարձ ողջոյնի խօսքէն ետք, Անանեան ներկայացուց պատուիրակութեան անդամները՝ վարչութեան քարտուղար, բանաստեղծ, արձակագիր եւ մանկագիր Էդուարդ Միլիտոնեան, բանաստեղծ, պետական մրցանակի դափնեկիր Արտեմ Յարութիւնեան, արձակագիր եւ թարգմանիչ Արամ Արսէնեան, արձակագիր Լեւոն Խեչոյեան: Իւրաքանչիւրը խօսք առաւ օրուան թեմայով:

Բանաստեղծ Գայիանէ Ղազարեան կարդաց Թումանեանի ստեղծագործութիւններէն, իսկ բանաստեղծ եւ գրականագէտ Գէորգ Քրիստինեան գրական զեկոյցով ներկայացուց Թումանեանի գրական ժառանգութիւնը:



ԵՐԵՒԱՆ - Լրագրողներու հետ հանդիպումի ժամանակ, Դեկտեմբեր 3ին, «Ձեռնարկութիւններու գաղափար յղացող» հիմնադրամի տնօրէն Բագրատ Ենգիբարեան յայտնած է, թէ «Համակարգիչ բոլորի համար» ծրագրով 1500 մարդ համակարգիչ ստացած է ։«Եթէ մինչեւ տարեվերջ նախատեսել էինք 500 համակարգիչ, ապա այդ թիւն այսօր երեք անգամ աւել է. 1500ից աւել մարդ արդէն օգտուել է այս ծրագրից», ըսած է Բ. Ենգիբարեան: Ըստ իրեն, ծրագրին մէջ ընդգրկուած 6 համակարգչային խանութ-սրահներուն վրայ յաջորդ շաբաթ պիտի աւելնայ 6 խանութ եւս: «Հետաքրքութիւնը օրէցօր մեծանում է նաեւ մասնակից ընկերութիւնների շրջանակներում: Նախնական տուեալներով հայաստանեան երեք բանկեր ցանկանում են ընդգրկուել ծրագրում վարկեր տրամադրելու նպատակով: Առաջիկայում այդ ծրագրում մտցնելու ենք նաեւ ինտերնետի (համացանցի-Խմբ.) բաղադրիչը. բանակցութիւններն արդէն աւարտուել են ինտերնետ մատակարարող երեք ընկերութիւններիների հետ», ըսած է հիմնադրամին տնօրէնը:

Նշենք, որ «Համակարգիչ բոլորի համար» ծրագիրը սկսած է այս տարի Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ: Ծրագիրը բնակչութեան հնարաւորութիւն պիտի տայ ձեռք բերել ժամանակակից եւ որակեալ համակարգիչներ, յատուկ, արտօնեալ վարկային պայմաններով՝ 24 ամիս ժամկէտով, ամսական ընդամէնը 10-20 հազար դրամի վճարումով: Շուտով անիկա պիտի իրականանայ նաեւ Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ, որմէ ետք՝ հանրապետութեան ամբողջ տարածքին։



Հայկական ադամանդի փայլը կը տարածուի։ Հայաստանի վարպետները կը դասուին

աշխարհի լաւագոյն քար մշակողներու շարքին

Վերջերս նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Նոր Հաճնի Լորի ադամանդագործական ընկերութիւնը։ Երկրի ղեկավարը շրջեցաւ ընկերութեան շէնքէն ներս, ծանօթացաւ ադամանդագործական ընկերութեան խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ընկերութեան ղեկավարներուն հետ քննարկեց երկրի մէջ ադամանդագործութեան եւ ոսկերչութեան զարգացման հնարաւորութիւնները։

Նոր Հաճնի Լորի ադամանդագործական ընկերութիւնը հիմնադրուած է 1992-ին՝` ունենալով ընդամէնը 28 աշխատող։ Այսօր գործարանին մէջ կ աշխատին 300 հոգի։ Լորի ադամանդագործական ընկերութիւնը կը նախատեսէ յաջորդ տարի 30 տոկոսով ընդլայնել արտադրական ծաւալները, իսկ ընկերութիւնը ցանկութիւն ունի նաեւ ռուսական շուկային մէջ աւելցնել իրացման ծաւալները։

Այսօր Լորի գործարանը ամսական կարտադրէ մօտ 5000-6000 քարատ ադամանդ, որու սպառման հիմնական շուկան Միացեալ Նահանգներն են։ Հումքը հիմնականին մէջ կը ներկրուի Պելճիքայէն։ Արտադրանքի 90 տոկոսը կ'իրացուի ԱՄՆ-ի մէջ, իսկ մնացած 10 տոկոսը՝` Եւրոպայի մէջ։ Ընկերութեան տնօրէն Իսահակ Աղաջանեանի խօսքերով՝` ճգնաժամը էապես չէ ազդած ընկերութեան արտադրանքի ծաւալներուն վրայ։ Այս տարի Լորին մօտ 42 միլիոն տոլարի արտադրանք տուաւ, որը նախորդ տարուայ ցուցանիշէն 10 տոկոսով պակաս է։








All the contents on this site are copyrighted ©.