2009-12-06 15:29:38

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու -ֆրանսայի Լուի ԺԶ.Թագաւորի Կտակը


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու -ֆրանսայի Լուի ԺԶ.Թագաւորի Կտակը

Երկու Դար Յետոյ Մէջտեղ Կ՝ելլէ ֆրանսայի Լուի ԺԶ.Թագաւորի Կտակը։

Ֆրանսայի թագաւոր Լուի ԺԶ.երորդի քաղաքական կտակը ֆրանսական Յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին արդէն կորսուած, վերջապէս գտնուեցաւ շնորհիւ ֆրանսացի հաւաքորդի մը՝Ժերար Լերիթիէ որ վերջերս այս կտակը գնեց ամերիկացիէ մը, մէկ միլիոն էուրօ վճարելով։ ֆրանսայի Թագաւորը Լուի ԺԶ. սոյն կտակը իր անկողնին մէջ թողած էր երբ դէպի Վարէննէ խոյս կուտար իր ընտանիքին հետ 21 ապրիլ 1791ին ,ինչպէս որ Նուվէլ Օպսէրվաթոր-ին պատմած է պատմագէտ, ու մասնագէտ՝ ֆրանսական արքայական պատմութեան Ժան Քրիսթիան Բէօթիֆիս։ Մանսգէտներու համաձայն այս վկայաթուղթը բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ ,քանի որ թագաւորը նախարարներէն գաղտնի ինք անձամբ գրի առած է այս կտակը։ Արդարեւ կտակը ՝՝կոչ մըն է թագաւորին կողմէ ժողովուրդին ուղղուած ՝՝ յորում թագաւորը կ՝արտայայտէ իր վհատումը ,ու նաեւ հոն կը յայտնուի թագաւոր մը որ շատ ալ հակառակ չէ Յեղափոխութեան գաղափարին։ Անշուշտ զարմանալի է որ այս ձեռագիրը անյայտացաւ աւելի քան երկու դար։ Կտակին նոր տէրը սակայն դիտել կուտայ որ այդ շրջանին ֆրանսայի ազնուականները փախուստ տուին դէպի Լուիզիանայ(ամերիկայ)։ Այժմ ֆրանսայի Լուի ԺԶ.Թագաւորի կտակի բնագիրը պիտի ցուցադրուի յառաջիկայ մարտին Փարիզի Գրականութեան ու Ձեռագիրներու Թանգարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.