2009-12-05 13:24:08

Ակնարկ մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՝ԸՍԷ ՝՝ՄԵՆՔ ԳՈՀ ԵՆՔ ՌՈՒՍ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵՆԷՆ՝՝ ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ կառոյցի ղեկավարի տեղակալ, զօր. Վլատիմիր Սթրելցովը։ Ան հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան նոր պետ, զօր Վիքթոր Վլասովը։ Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ հետեւողականօրէն ամրապնդուող ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ կարեւոր նկատած է այդ ուղղութեամբ ջանքերու շարունակութիւնը։Հանրապետութեան նախագահը սահմանապահ ծառայութիւնը, Հայաստանի պետական սահմանի պահպանումը նկատած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան կարեւոր բաղկացուցիչը եւ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու առանցքային տարրերէն մէկը։
Մենք գոհ ենք սահմանապահներու գործունէութենէն, մեր միացեալ աշխատանքէն եւ անոնց արհեստավարժութենէն, ընդգծած է նախագահ Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ սահմանապահներուն հետ աւանդաբար ձեւաւորուած են լաւ յարաբերութիւններ։
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՅՑԵԼԷ։
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց պետական նախարար Անուար Կարկաշ 5-7 դեկտեմբեր Հայաստան կ՝ այցելէ։Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ նախատեսուած են Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։Այսօր կ՝ ունենայ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Անուար Կարկաշի հանդիպումը։ Հանդիպումէն ետք նախարարները պիտի ստորագրեն փոխըմբռնման յուշագիր մը՝ Միացեալ Էմիրութիւններու անհատներու շահագործման դէմ պայքարի ազգային կոմիտէի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ անհատներու շահագործման հարցերով խորհուրդի միջեւ այս երեւոյթին դէմ պայքարի իմաստով համագործակցութեան շուրջ։

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵԶՐԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼԷ ԿՐԿԻՆ ԽՈՒՍԱՓԵԼԷ ԵՏՔ ՝՝ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԱՋԱԿՑԻԼ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ՝՝ (ԿԸՍԷ ՕՊԱՄԱ)։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ամերիկայի հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Հրայր Յովնանեանին ուղղած իր նամակին մէջ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը պատմական որակած է։
Օպաման ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը պէտք է ընթանայ առանց նախապայմաններու եւ խելամիտ ժամկԷտերու մէջ։ ՝՝Յառաջիկայ ամիսներուն մենք պիտի շարունակենք եռանդուն կերպով աջակցիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝՝ ըսած է Միացեալ Նահաններու նախագահը։Պարաք Օպամայի 20 նոյեմբեր թուակիր նամակը ուղարկուած է ի պատասխան Ամերիկայի հայկական համագումարի, ՀԲԸՄ-ի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ էջմիածնական թեմերու 9 սեպտեմբերին Օպամային յղուած դիմումին։ Իր պատասխանին մէջ Օպամա դարձեալ խուսափած է ցեղասպանութիւն եզրը գործածելէ, փոխարէնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանած է ՝՝20-րդ դարու մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկը՝՝ ։ Միաժամանակ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը գրած է որ ՝՝անցեալին իր արտայայտած կարծիքները կը մնան ի զօրու ՝՝։Ես կը հաւաստիացնեմ, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդները պէտք է ճանչնան անցեալի իրողութիւնները, որպէսզի յառաջ շարժելու անոնց ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին, (նշած է Միացեալ Նահաններու նախագահ Պարաք Օպամա)։
ՆՈՒՊԱՐԱՇԷՆ ԲԱՆՏԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ՝ ՊԱՇՏՕՆԱԶՐԿՈՒԱԾ։
Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Լանա Մշեցեանի համաձայն, Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Գէորգ Դանիէլեան դեկտեմբեր 2-ին ստորագրած հրամանագիրով մը դեկտեմբեր 3-էն սկսեալ պաշտօնէն ազատ կացուցած է Նուպարաշէն բանտի գլխաւոր պատասխանատու Արսէն Աֆրիկեանը։ Նոյն օրուան այլ հրամանագիրով մը ժամանակաւորապէս բանտի պատասխանատու նշանակուած է Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական վարչութեան անվտանգութեան ապահովման բաժինի պետ Վարուժան Եղիազարեան։ Նշենք, որ նոյեմբեր 27-ին Նուպարաշէնէն փախուստ տուած էին ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Սողոմոն Քոչարեանը եւ Մհեր Ենոքեանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.