2009-12-04 11:33:57

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն

Հալէպահայ՝ Տարօն Աւետիսեան Ասպետի շքանշանով պարգեւատրուած է իր յուղարկաւորութեան օրը։

Սուրիոյ հայաշար քաղաք՝ ՜՜Հալէպի՝՝ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, երեքշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2009-ին, սգակիր հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ թաղումը Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ երկար տարիներ Սուրիոյ հայութեան կեանքին մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւններ ստանձնած Տարօն Աւետիսեանին։ Յուղարկաւորութեան ընթացքին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս Սարգիսեան կարդաց այս առիթով Արամ Ա կաթողիկոսին ցաւակցագիրը, որմէ ետք վեհափառին անունով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ասպետի շքանշանով պարգեւատրեց հանգուցեալը։

Իր ցաւակցագիրին մէջ Արամ Ա կաթողիկոս հետեւեալը գրած էր.

՜՜Մենք Տարօնը ճանչցանք դպրեվանքի գրասեղանին առջեւ նստած աշակերտէն մինչեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ դառնալը։ Ծառայական կեանքի այս երկար ճամբան Տարօնը կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին նուաճեց՝ իր ծառայութեամբ, պատասխանատու ոգիով, պարտաւորութիւն ստանձնելու քաջութեամբ եւ զայն հաւատարմօրէն կատարելու պարկեշտութեամբ։

Մենք Տարօնը ճանչցանք մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ իր ստանձնած բոլոր պատասխանատուութիւններուն ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ զինք ճանչցանք իր մտերմութեան մէջ։ Ան նո՛յն Տարօնը մնաց, բոլոր մակարդակներուն վրայ, իր բոլոր հանգամանքներուն մէջ՝ միշտ կեանքո՛վ լեցուն, խանդավառ ու շրջապատը խանդավառող։ Արդարեւ, յատկանշական երկու երեւոյթներ դարձան տիրապետող ներկայութիւն Տարօնի անձին, գործին ու կեանքին մէջ. Առաջին, Տարօնին անհուն ծառայասիրութիւնը։ Իրեն համար ծառայութիւնը հանգամանքին կապուած պարտաւորութիւն մը չէր երբեք։ Ծառայասիրութիւնը իր էութեան սերտօրէն շաղախուած արժանիք մըն էր Տարօնին մօտ։ Ան կը սիրէր ծառայել ծառայել ու օգտակար ըլլալ բոլորին անխտիր՝ հարուստին թէ աղքատին, աշակերտին թէ հիւանդին, երիտասարդին թէ ծերին ծանօթին թէ անծանօթին։ Երկրորդ, Տարօնին ամուր կապուածութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։ Դա՛րձեալ, հանգամանքի բերումով չէր իր հաւատարմութիւնը մեր Սուրբ աթոռին նկատմամբ։ Ան բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն, սէր ու յարգանք ունէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նկատմամբ։ Իր կեանքի բոլոր օրերուն, Տարօնը ո՛չ միայն պաշտպանը եւ արի զինուորը դարձաւ Անթիլիասի առաքելութեան, այլ նաեւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ մեր Սուրբ աթոռի կեանքին առաւե՛լ ծաղկումին ու ծառայութեան առաւե՛լ կենսագործումին։

Ահաւասիկ, մարդկային ու ազգային արժէքներով եւ արժանիքներով հարուստ անձ մը կը հեռանայ այսօր այս երկրաւոր կեանքէն։ Անձ մը, որ իր կեանքի օրերը լեցուց սէր ու բարիք բաշխելով, եւ հաւատարիմ մնալով իր եկեղեցւոյ, իր ազգին ու հայրենիքին։ Իր բարի յիշատակներով, օրինակելի հաւատարմութեամբ ու անձնուէր ծառայասիրութեամբ, (կ՝եզրափակէ Արամ Ա. իր գիրը) Տարօնը պիտի մնայ սիրելի ներկայութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւաքական կեանքին ու առաքելութեան մէջ՝՝ ։



Մանկական երգերու մեկնաբան ամերիկահայ Թալինի ելոյթը Լիբանանի մէջ։
Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրով Ամերիկահայ մանկական երգերու մեկնաբան Թալին երեք համերգներով հանդէս եկած է լիբանանահայ մանուկ եւ չափահաս հանդիսատէսին առջեւ, Պէրութի Պուրճ Համուտ հայաշատ թաղամասի ՜՜Յակոբ Տէր Մելքոնեան ՝՝ թատերասրահին մէջ։ Թալինին կ՝ընկերանային ՜՜Ուրախ Տարեդարձ՝՝ անուան խումբի անդամները։ Խանդավառ մթնոլորտ ստեղծած էր Թալինի կենդանի կատարումները որուն աւարտին մեծ ուրախութիւն պատճառած է կաղանդ պապայի մուտքը սրահ։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.