2009-12-03 13:36:20

Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։ ԹՈՒՆԻՍ ։


Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։ ԹՈՒՆԻՍ ։

Երկրի սահմանադրութիւնը կը հաստատէ որ Պետութեան կրօնքը Մահմէտականութիւնն է,բայց կ՝երաշխաւորէ մարդկային անձի անբռնաբարելիութիւնը եւ խղճի ազատութիւնը, ու կը պաշտպանէ պաշտամունքներու ազատութիւնը պայմանաւ որ չխանգարեն հանրային կարգ ու կանոնը։ Թունիսի մէջ կը գտնուի հրայ փոքր համայնք մը,մինչ կաթողիկէ Եկեղեցին կը վայելէ պաշտօնական ճանաչում 1964ին ստորագրուած համաձայնութեան մը հիման վրայ,ըստ որու Եկեղեցին ՝՝վերջնականապէս եւ ձրիաբար կը յանձնէ իր պաշտամունքի վայրերու եւ այլ շէնքերու մեծ մասը, կը պահպանէ կաթողիկէ պաշտամունքի ազատ գործադրումը եւ կը ճանչնայ անոր ներկայացուցչութիւնը Թունիսի առաջնորդի պաշտօնով։ Երկրի բնակչութիւնը 10 միլիոնէն քիչ մը աւելի որու հարիւրէն 98,9 տոկոսը մահմէտականներ,հարիւրէն 0,5 տոկոսը քրիստոնեաներ իսկ հարիւրէն 0,6 տոկոսը այլ հաւատքի պատկանողներ։ Թունիսի մէջ կաթողիկէները կը հաշուեն 21.000 եկեղեցական մէկ գաւառով եւ մէկ Եպիսկոպոսով,ապա անոնք ունին տեղաբնակ մէկ քահանայով 10 Ժողովրդապետութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.