2009-12-03 13:39:58

Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած գիտաժողով։


Լուրեր հայկական կեանքէն

Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած գիտաժողով։

Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքին դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած Համահայկական բնոյթ կրող գիտաժողով մը, կազմակերպուած՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի պետական համալսարանին, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկին եւ Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ։ Այս առիթով յատուկ կերպով հրաւիրուած էր ֆրանսահայ վարուժանագէտ դոկտոր Գրիգոր Պըլտեան։

Խօսք առնելով Երեւանի պետական համալսարանի փոխնախարար Գեղամ Գէորգեան նշեց, որ նման գիտաժողովներ առիթ են անգամ մը եւս գնահատելու մեծերուն ձգած ժառանգութիւնը եւ նոր էջեր գտնելու անոնց ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Սփիւռքի փոխնախարարը Ստեփան Պետրոսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս գիտաժողովը կազմակերպուած է հայ գրականութեան, հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ Դանիէլ Վարուժանի գրական հարուստ ժառանգութեան կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնելու միտումով։

Իսկ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահը Լեւոն Անանեան, իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Դանիէլ Վարուժան մեր գրականութեան կարկառուն դէմքերէն մէկն է, նշելով որ Դանիէլ Վարուժան իր ստեղծագործութեան միջոցով յաջողած է անհատական, մարդկային տառապանքը հասցնել համազգայինի, իսկ ազգային տառապանքը՝ համամարդկային տառապանքի։








All the contents on this site are copyrighted ©.