2009-12-02 14:21:32

Էջ մը հայ գրականութիւնէն Լեռ Կամսար (Արամ Թովմասեան, 18881965). Հայ գրողին, մանաւանդ երգիծագրին խորհրդային ողբերգութիւնը


Էջ մը հայ գրականութիւնէն Լեռ Կամսար (Արամ Թովմասեան, 18881965). Հայ գրողին, մանաւանդ երգիծագրին խորհրդային ողբերգութիւնը

Արդէն կազմաւորուած ու լայն ժողովրդականութեան արժանացած երգիծագիր էր Լեռ Կամսար 1920ականներու սկզբնաւորութեան, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուեցաւ խորհրդային ամբողջատիրութեան լուծը։ Հակառակ որ իր աշխարհայեացքով ու գաղափարական հակումներով ընչազուրկին պաշտպանութեան եւ ընկերային ցաւերու քննադատութեան նուիրուած հեղինակ էր Լեռ Կամսար, ո՛չ խորհրդային կարգերը մարսեցին անոր գրականութեան ու երգիծանքին ազգային ջիղը, ոչ ալ Լեռ Կամսար ինք կրցաւ հաշտուիլ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի կեանքն ու ազգայինազատագրումի երթը այդպէս՝ անփոյթ եւ անխիղճ հարուածած խորհրդային խորշակին հետ։

1915ին ընտանեօք Երեւան հաստատուած հայ երգիծագիրը ականատես դարձաւ Արեւմտահայաստանի նկատմամբ ռուսական՝ հաւասարապէս ցարական թէ խորհրդային քաղաքականութեան կործանարար հետեւանքներու։ Տեսաւ մինչեւ Վան ու Մուշ յաղթական մուտքը, ռուսական զօրքին հետ, հայ կամաւորական գունդերուն, որոնց սակայն պարտադրուեցաւ նահանջել՝ արեւմտահայ գաղթականութեան հետ... երբ Լենինի ղեկավարած պոլշեւիկեան յեղաշրջումը Տուն Դարձի հրահանգ տուաւ ռազմաճակատի ռուսական զօրքին։

Խորհրդահայ գրականութեան սկզբնական եւ առաջին թռիչքներուն հետ քայլ պահող երգիծագիրը դարձաւ Լեռ Կամսար, որ երգիծական ստեղծագործութիւններով իր կարեւոր նպաստը բերաւ Չարենցի, Բակունցի, Նորենցի, Մահարիի եւ երիտասարդ միւս տաղանդներու ինքնահաստատման երթը ազգային ներշնչումով հունաւորելու գրական շարժումներուն։ Այդ բոլորը թշնամանքով ընկալուեցան խորհրդային գաղափարախօսներուն կողմէ, որոնք 1937ին ձեռնարկեցին հայ մտաւորականութիւնը գլխատելու՝ մշակութասպանութեան ահաւոր ոճիրին։

Լեռ Կամսար իր կարգին աքսորուեցաւ Ռուսաստանի խորերը եւ շուրջ քսանամեայ տաժանակիր կեանքէ ետք միայն, Խրուշչովեան ձիւնհալէն օգտուելով, կրցաւ հայրենիք վերադառնալ, բայց այլեւս ամբողջապէս քէնցած խորհրդահայ իրականութեան հետ։ Թէեւ Հայ Գրողներու Միութիւնը իրեն բնակարան յատկացուց, բայց Լեռ Կամսար իր ընտանիքին ձգեց այդ բնակարանը, իսկ ինք քաշուեցաւ նախքան աքսորը իր ապրած խրճիթը, ուր եւ աշխարհէն կտրուած անցուց իր կեանքին վերջին տարիները, մինչեւ որ 22 Նոյեմբեր 1965ին առյաւէտ փակուեցան Հայաստանի ու հայութեան այնքան մեծ տառապանքէն զարհուրած աչքերը հայ երգիծագրութեան տաղանդաշատ այս վաստակաւորին։
Լեռ Կամսար (լեռ կամ սար) գրչանունով անոր երգիծական առաջին գործերը լոյս տեսան Վանի Աշխատանք թերթին մէջ 1910ին, երբ իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէր։ 1915ին Երեւան հաստատուելէ ետք եւս, ուսուցչական իր ասպարէզի կողքին, Լեռ Կամսար շարունակեց երգիծական քրոնիկներ գրել ու կանոնաւորաբար աշխատակցիլ Թիֆլիսի Հորիզոնին, Բագուի Արեւին եւ Երեւանի Աշխատանքին։ Յատկապէս Հայաստանի նորանկախ Հանրապետութեան կարճատեւ կեանքի ընթացքին, Լեռ Կամսարի գրեթէ ամէնօրեայ քրոնիկները, Կարօ Գէորգեանի վկայութեամբ, լայն ժողովրդականութեան արժանացան։ Մեծ պաստառի վրայ նկարող հեղինակ մը չեղաւ, այլ՝ սրատես եւ ծիծաղաշարժ գրչախաղերով ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւող երգիծաբանը դարձաւ, որ քանի մը տողերու մէջ կամ կարճ մանրապատումներով՝ կրցաւ թէ՛ ազգային քաղաքական մեծ խնդիրներ, թէ՛ ընկերային հանրային ցաւոտ վէրքեր երգիծական լուսարձակի տակ բերել։

Լեռ Կամսարի առաջին հատորը լոյս տեսաւ 1924ին՝ Անվաւեր մեռելներ անունով։ Յաջորդաբար լոյս ընծայեց Ազգային Այբբենարան եւ Վրիպած արցունքներ գործերը, 1926ին եւ 1934ին։ Այնուհետեւ, աքսորի աւարտէն ու Երեւան վերադարձէն ետք,1959ին, լոյս տեսաւ Գրաբար մարդիկ հատորը, իսկ 1965ին, մահուան առիթով եւ Գ. Մահարիի խմբագրութեամբ, հրատարակուեցաւ Լեռ Կամսարի Մարդը տանու շորերով ժողովածուն։
Թէեւ իր կեանքի վերջին տարիներուն լրիւ քաշուած էր գրական հրապարակէն, բայց Լեռ Կամսար վար դրած չէր գրիչը եւ փաստօրէն, խորհրդային կարգերու փլուզման նախօրէին ու այնուհետեւ, հայ գրական մամուլի էջերուն լոյս տեսան անոր անտիպ գործերը, որոնք առաւել սրութեամբ քննադատութեան կենթարկեն խորհրդային ժամանակներու բարքերն ու հայ ազգային քաղաքական միտքը յուզող խնդիրները։
Յատկանշականօրէն, Լեռ Կամսար մինչեւ մահ հաւատարիմ մնաց արեւմտահայերէնով գրելու իր արեան կանչին, նոյնիսկ երբ բացառապէս խորհրդային իրականութենէն վերցուած բարքերու կը վերաբերէին երգիծական իր քննադատութիւնները։







All the contents on this site are copyrighted ©.