2009-12-01 13:08:37

Լուրեր քրիստոնեայ հայ աշխարհէն


Լուրեր քրիստոնեայ հայ աշխարհէն

Լիբանան - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան վանաբնակ անդամներն ու այս օրերուն Անթիլիասի մայրավանք ժամանած կարգ մը թեմերու առաջնորդ սրբազանները հաւաք մը ունեցան։
Միաբանական այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ հոգեւորականի ծառայութեան վերարժեւորման՝ ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Վեհափառը այս առիթով իր արտայայտած մտածումներուն ճամբով վեր առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան իւրայատուկ տեղն ու դերը հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ կաթողիկոսարանի այժմու այնքան տարածուն գործունէութեան, տարբեր բաժանմունքներու ճամբով, որոնք ներքին՝ վանական պարունակէն դուրս՝ դէպի ժողովուրդ գացող ծառայութիւն են։

Նիւ Եորք - Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակութիւնը վերջերս այցելեց Առաջնորդարանի Կեդրոնը, ուր հանդիպում ունեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանի, հետ։
Պատուիրակութիւնը կ'առաջնորդէր Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարեւ Արք. Մարտիրոսեան։Ս. Վարդան Մայր Տաճարի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակութիւնը ողջունեց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ Մայր Տաճարի մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տալէ ետք՝ խումբը առաջնորդեց Առաջնորդարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի վերջին զարացումներուն, Սփիւռքի օժանդակութեան եւ Շուշի քաղաքի ի նպաստ տարեկան նուիրահաւաքում-թէլեթոնի արշաւի մասին։ Պատուիրակութիւնը կ'այցելէ հայաշատ կեդրոններ՝ որպէս զի քաջալերէ նուիրահաւաքումի արշաւը։
Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարեւ Արք. Մարտիրոսեան ըսաւ որ Շուշի քաղաքը զարացման կարիքը ունի։ Ծրարուած է այնտեղ բնակարաններ եւ դպրոցներ վերակառուցել եւ կար մը կառավարական րասենեակներ Ստեփանակերտէն տեղափոխել Շուշի։
Թէ՛ Պարgեւ Արքեպիսկոպոս եւ թէ՛ Վարչապետ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին եւ Առաջնորդարանի Հայ Օնութեան Ֆոնտին՝ իրենց անվերապահ օժանդակութեան համար։ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան շարժման թուականէն սկսեալ 1980 Առաջնորդարանն ու Հայ

Օնութեան Ֆոնտը ջերմ յարաբերութիւն ունեցած են Արցախի Առաջնորդարանին եւ տեղական կառավարութեան հետ։
Առաջնորդարանի Հայ Օնութեան Ֆոնտը մարդասիրական բազմաթիւ ծրաիրներ իրաործած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս դեղորայքի եւ բժշկական սարքերու առաքում եւ օնութեամբ Միացեալ Նահանաց Միջազային Զարացման Հիմնարկին տրամադրած է 15 միլիոն տոլարի օժանդակութեան վերակառուցուած են բնակարաններ, հիւանդանոցներ եւ որոման ու խմելու ջուրի խողովակներ զետեղուած են շրջանին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.