2009-12-01 12:46:42

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՈՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ԵՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎԻ։
ԵԱՀԿ-ի մամլոյ քարտուղար Մարթին Նեսիրքի ՝՝Արմենփրես՝՝լրատու գործակալութեան տեղեկացուցած է, որ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ այսօր Աթէնքի մէջ տեղի կ՝ ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչներ՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշների եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը գլխաւորող արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ճէյմս Սթէյնպըրկի հանդիպումը՝ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ։ Ան աւելցուցած է, որ հանդիպման աւարտին անոնք պիտի պատասխանեն զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։
ՂԱԶԱԽՍՏԱՆ ԱՇԽՈՒԺՕՐԷՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ։ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Քանաթ Մաուտապայեւ յայտնած է, որ իր երկիրը՝ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնող երկիր, մտադիր է աշխուժօրէն մասնակցիլ Մինսքի խմբակի հովանիին տակ ընթացող ղարաբաղեան տագնապի բանակցութիւններուն։ ՝՝Շօշափելի արդիւնքներու հասնելու միակ ճամբան երկխօսութիւնն է՝՝ըսած է Քանաթ Սաուտապայեւ։ Նշենք, որ Ղազախստան ԵԱՀԿ-ը պիտի գլխաւորէ 2010 թուականին։
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ԵԱՀԿ-ԻՆ։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ԵԱՀԿ-ի քարտուղարութեան ուղարկած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի՝ 25 նոյեմբերի յայտարարութեան բնագիրը՝ 1-2 դեկտեմբերին ԵԱՀԿ-ի արտաքին ործոց նախարարներու Աթէնքի մէջ նախատեսուած նիստի մասնակիցներուն բաժնելու համար։ Համապատասխան նամակ մը ուղարկուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Ճորճ Փափանտրէուին, իսկ պատճէնը՝ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքին։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ։
Երկուշաբթի, 30 նոյեմբեր 2009-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Հոսէ Կքիարես Մաքսուելը։ Խօսացկութիւնները ընդգրկեցին երկրի քաղաքական ու ընկերային մարզերը։ Հանդիպման ընթացքին լայն տեղ տրուեցաւ նաեւ Արժանթինի հայ համայնքին։ Վեհափառը յայտնեց, որ երկու տարբեր առիթներով գտնուած էր Պուենոս Այրես եւ Քորտոպա, եւ թէ մօտէն ծանօթ է արժանթինահայ գաղութին։ Դեսպան Մաքսուելի հետ տեղի ունեցած այս կարեւոր հանդիպումը ընդգրկեց նաեւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու հետեւանքներուն առնչուած հարցեր։ Արժանթինցի դիւանագէտը յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը միշտ թիկունք հանդիսացած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, եւ այդ պատճառով ալ յաճախ քաղաքական գետնի վրայ դժուարութիւններ ունեցած Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութեանց մէջ։

ԸՍՏ ՝՝ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ՝՝ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԷՏՔ ՉԷ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԵՏԵՒ ՝՝ՊԱՀՈՒԸՏԻ՝՝ ։
՝՝Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ՝՝ կազմակերպութիւնը իր Պրիւքսելի գրասենեակին մէջ 27 նոյեմբերին կազմակերպած էր կլոր սեղան մը՝ մասնակցութեամբ միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութեան եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու համար պատասխանատու, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արման Կիրակոսեանի։ Կլոր սեղանին մասնակցած են նաեւ եւրոպական հաստատութիւններու, Պրիւքսելի մէջ տեղակայուած հետազօտական կեդրոններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ մամլոյ ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներ։ ՝՝Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ՝՝կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Մայքըլ Քամպեք իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է որ ՝՝Եւրոպական Միութիւնը պէտք է բոլոր կարելի միջոցները գործադրէ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ արձանագրութիւններու վաւերացումը խրախուսելու նպատակով՝՝։Ան աւելցուցած է որ ՝՝արձանագրութիւններու վաւերացումը եւ գործադրութիւնը Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան շահերէն կը բխի, եւ վարչապետ Էրտողան պէտք չէ ՝՝պահուըտի՝՝ խորհրդարանին ետեւ, բոլորը գիտեն, թէ ան իրեն սատարող մեծամասնութիւն ունի՝՝։Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կիրակոսեան իր կարգին ներկաները տեղեակ պահած է յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ փուլի եւ ակնկալուող զարգացումներուն մասին՝ մանրամասն ներկայացնելով Հայաստանի դիրքորոշումը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ իբրեւ առանձին գործընթաց, որ կապուած չէ շրջանին մէջ տագնապներու լուծման հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.