2009-11-29 14:11:07

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու



Թուրք մտավորականները Հայաստանի մէջ։

Թուրք մտավորականները Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցան ԱԺ կին պատգամավորներու հետ ։ Նոյեմբերի 26-ին ՀՀ ԱԺ –ը այցելած է Թուրքիայէն հայաստան ժամանած մտավորականներու և կանանց խնդիրներով զբաղուող հասարակական կազմակերպություններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութիւնը Հայաստան գացած է «Ուրբան» կայուն զարգացման հիմնադրամի «Եվրաինտեգրումը և գենդերային հարցերը» ծրագրի մարզէ ներս։ Թրքական պատուիրակութիւնը փափաք յայտնած էր տեսակցելու Հայաստանի ԱԺ կին պատգամաւորներու հետ և քննարկել կանանց հիմնախնդիրներու լուծման ազգային ծրագրի և ՝՝եվրաինտեգրման՝՝ գործընթացներու արդիւնաւորութեան բարձրացման ուղղութեամբ` ՀՀ որդեգրած քաղաքականութեան շարք մը կարևոր հարցեր։ Ինչպես որ հաղորդած են ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան և տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, թուրք հիւրերը տեսակցեցան խորհրդարանի կին պատգամավորներու հետ ։ Անոնք յոյս յայտնեցին, որ սկսուած հայ-թրքական երկխօսութեան ձեռնարկումը իրենց նրբանկատութեամբ ու մեղմութեամբ կը նպաստեն նաև կիներուն։

Թուրքիոյ Յոյներու Պարթոլոմէոս Պատրիարքը խօսեցաւ Վանդակի Գործողութեան մասին ։ (կը տեղեկանանք պոլսոյ Մարմարա օրաթերթէն ).

՝՝Շնորհակալ եմ այն դատախազներուն եւ ոստիկաններուն որոնք երեւան հանեցին այդ մութ ծրագիրը՝՝։ Թուրքիոյ Յոյներու Պարթոլոմէոս Պատրիարքըն ալ իր ընդվզումը յայտնեց Վանդակի Գործողութիւն կոչուած ծրագիրը պատրաստողներուն դէմ եւ ըսաւ որ շնորհակալ է բոլոր անոնց որոնք երեւան հանեցին թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ու նաեւ կառավարութեան դէմ գրի առնուած այդ մութ ծրագրի փաստաթուղթը։ Առիթէն օգտուելով Յունաց Պատրիարքը յիշեցուց որ (թրքական ԶԱՄԱՆ թերթի հետ կատարած հարցազրոյցի ընթացքին) փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը բոլոր ժողովրդավար երկիրներու գլխաւոր պարտականութիւներէն մէկն է, յոյս յայտնեց որ աւելի ժողովրդավար բացուածքներ կ՝իրականան եւ յոյն փոքրամասնութիւնը,նաեւ միւս բոլոր փոքրամասնութիւնները լրիւ կը փրկուին իրենց ունեցած մի քանի նեղութիւններէն։ Պատրիարքը դիտել տուաւ նաեւ որ կառավարութեան նոր բացուածքները,Հայաստանի հետ մերձեցման քաղաքականութիւնը, Ալէվի քաղաքացիներու նկատմամբ նոր լայնախոհ կեցուածքը ,այս բոլորը երկրին շահերուն հետ հաշտ են եւ լաւատես կրնանք ըլլալ տեսնելով որը Թուրքիա շարունակ կը ջանայ մօտենալ Արեւմուտքին ու Եւրոմիութեան։ Այս բոլրը պարտճառ կը դառնան որ մենք զմեց աւելի հանգիստ զգանք Թուրքիոյ մէջ (ըսած է Պարթոլոմէոս Պատրիարքը)։








All the contents on this site are copyrighted ©.