2009-11-28 13:56:10

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանը պարեւատրուած է Վ. Պրիւսովի անուան ԵՊԼՀ-ի յուշամետալով։
Վ. Պրիւսովի անուան Երեւանի պետական լեզուաբանական համալսարանի մէջ (ԵՊԼՀ) տեղի ունեցած է ՀՀ -ի մօտ Իտալիոյ դեսպան Պրունօ Սքափինիի հանդիպումը համալսարանի ռեկտոր Սուրէն Զոլեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին դեսպանը պատմելով իտալերէն լեզուի դասաւանդման նոր հեռանկարներու մասին, նշած է Իտալերէնը ուսումնասիրելով, շատ նմանութիւններ կը նկատենք Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ։ Բացի այդ, այլ երկրներու եւ ժողովուրդներու մշակոյթի հետ կը ծանօթանանք օտար լեզուներու շնորհիւ։ Հանդիպման ընթացքին փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած ՝ որու համաձայն կը նախատեսուի Վ. Պրիւսովի անուան ԵՊԼՀ-ի Տանթէ Ալիկիէրիի անուան իտալական մշակոյթի եւ լեզուի կեդրոնի գործունէութեան ընդարձակում։Համալսարանի ռեկտոր Սուրէն Զոլեանը դեսպան Սքափինիին պարգեւատրեց համալսարանի 70-ամեակին նուիրուած յուշամետալով եւ շնորհեց անոր Վ. Պրիւսովի անուան ԵՊԼՀ-ի փրոֆեսորի կոչում։

Հնդկաստանի կինոփառատօնի մէջ կը ներկայացուի Ալպերթ Մկրտչեանի ՝՝Տխուր փողոցի լուսաբացը՝՝ ֆիլմը։
Հնդկաստանի մէջ Նոյեմբեր 23-էն Դեկտեմբեր 3, շարժապատկերի 40-րդ միջազգային փառատօնին կը ներկայացուի բեմադրիչ Ալպերթ Մկրտչեանի ՝՝Տխուր փողոցի լուսաբացը՝՝ ֆիլմը։ Հայաստանի ազգային կինոկեդրոն-ի տնօրէն Գէորգ Գէորգեանը ըսած որ ֆիլմը պիտի ներկայացուի կինոփառատօնի Համաշխարհային կինօ ծրագրի մէջ։ Շարժապատկերի ազգային կեդրոնը ընթացիկ տարուայ մէջ ֆիլմեր ներկայացուցած է բազմաթիւ միջազգային փառատօներու ծիրէն ներս։ Նոյնպէս կը նախատեսէ շարունակել իր գործունէութիւնը։ 2010թ-ի Յունւարին Յովհաննէս Գալստեանի ՝՝Խճճուած Զուգահեռներ՝՝ ժապաւէնը պիտի ներկայացուի Ռոթերտամի միջազգային փառատօնին։ Ֆիլմը արդէն ցուցադրուած է Մոսկուայի միջազգային մրցոյթային ծրագրին մէջ, Թորոնթօյի ՝՝Նուռ՝՝ փառատօնին, եւ արժանացած է Երկրորդ լաւագոյն ֆիլմ մրցանակին։







All the contents on this site are copyrighted ©.