2009-11-27 13:10:51

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՔԱՐՏԷՍԻ ՄԸ ՄԷՋ ՂԱՐԱԲԱՂՆ ՈՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ՄԱՍԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԱՌԵԼԸ ԿԸ ԶԱՅՐԱՑՆԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ։
Ռուսական ՝՝Ֆրանքլանկ.ռու՝՝ կայքէջին մէջ քարտէսի մը հեղինակ Իլիա Ֆրանք Ազրպէյճանը գծած է, առանց Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններուն։ Անոնք ներառուած են Հայաստանի քարտէսին մէջ։Այդ իրողութիւնը զայրացուցած է Ազրպէյճանը, եւ մասնաւորաբար ՝՝Պաքիլիլար.ազ՝՝ կայքէջը ազրպէյճանական իշխանութիւններէն պահանջած է անմիջապէս միջամտել եւ ուղղել այդ սխալը։ Վերջերս ազրպէյճանական կողմին զայրացուցած էր, որ ՝՝Էուրոնիուզ՝՝ Եւրոպական Միջազգային պատկերասփիւռի արբանեակային կայանի եղանակի տեսութեան ժամանակ ընդհանրապէս Ազրպէյճանը չէր յիշատակուեր։ Բազմաթիւ բողոքներէ ետք պատկերասփիւռի կայանը Ազրպէյճանը ներառեց ասիական երկիրներու շարքին մէջ, մինչ Հայաստանն ու Վրաստանը ընդրկուած են Եւրոպական երկիրներու շարքին։

Թեհրան - Երեւան օդանաւի արկածի զոհերը փոխ-հատուցում ստացան։ Թեհրան - Երեւան օդանաւի արկածի զոհերու ընտանիքները իրենց փոխ հատուցումները ստացան Կասպեան օդային գիծեր ընկերութենէն։ Իւրաքանչիւր ընտանիքի վճարուած է 54 հազար տոլար։ Օդանաւի սեւ տուփերու քննութիւնը կը շարունակուի Իրանի մէջ։ Վերծանման աշխատանքներուն կը մասնակցին Իրանի, Հայաստանի ու Միջ-պետական օդանաւորդութեան կոմիտէի մասնագէտները։ Նշենք որ արդէն հաստատուած է տեղեկատուութիւնը այն մասին թէ թռիչքէն 24 ժամ առաջ օդանաւը Մինվոտիի մէջ ամբողջական թեքնիք քննութենէ անցած էր եւ թռիչքի պահուն կը գտնուէր գերազանց վիճակի մէջ։ Ուսումնասիրութեան արդիւնքով պարզուած է որ օդանաւի շարժակը խափանուած է թռիչքի պահուն, սակայն պատճառը յայտնի չէ տակաւին։



՝՝Օրեր՝՝ պարբերաթերթի 10-ամեակը։
Այս օրերուն Չեխիայի մայրաքաղաք՝ Փրակայի մէջ, իր տասնամեակը կը նշէ եւրոպահայերու ՝՝Օրեր՝՝ ամսագիրը։ Յոբելենական թուականը հանդիսաւոր արարողութեամբ նշուեցաւ Փրակայի քաղաքային գրադարանի մեծ դահլիճին մէջ։ Ամսագիրը կը տպագրուի 1999-էն սկսեալ եւ կարողացած է դառնալ ոչ միայն չեխահայութեան, այլեւ Եւրոպայի մէջ բնակող հայութեան սիրուած պարբերականը։ Ամսագիրը սկսաւ հրատարակուիլ դժուար շրջանի մը ընթացքին, երբ նոր կը կազմաւորուէր չեխահայ համայնքը, եւ նոր կը սկսէր երկրի տնտեսական վերելքը։ Ամսագրի խմբագիրը նորանկախ Հայաստանի առաջին սերունդի լրագրողական ընտանիքի անդամներէն Յակոբ Ասատրեանն է։ ՝՝Օրեր՝՝ պարբերականի յոբելեանը շնորհաւորական ուղերձով մը նշած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը։


Ալէն Ալթընօղլու օփերա Պասթիյի մէջ կը ղեկավարէ Սալօմէ օփերան ։ Ֆրանսահայ երիտասարդ ու տաղանդաւոր խմբավար Ալէն Ալթընօղլու, որ մեծ վարկ կը վայելէ Ֆրանսայի երաժշտական շրջանակներէն ներս, 7 Նոյեմբերէն սկսեալ, մինչեւ 1 Դեկտեմբեր Փարիզի Պասթիյ Օփերայի նուագախումբը կը ղեկավարէ՝ Ռիխարտ Շթրաուսի Սալօմէ օփերային մէջ։ Ալէն Ալթընօղլու որդին է նախկին Պոլսահայ արժէքաւոր Ալեքս Ալթընօղլուին։







All the contents on this site are copyrighted ©.