2009-11-25 13:32:16

Լուրեր հայկական կեանքէն


20 տարուայ ընթացքին Հայաստանէն մէկ միլիոն քաղաքացի հեռացած է

Ըստ Հայաստանի բնակչութեան տեղաշարժի գործակալութեան պետի տեղակալ Իրինա Դաւթեանի, անցնող 20 տարիներու ընթացքին, Հայաստանէն արտագաղթած է մէկ միլիոն անձ, որոնց մեծ մասը՝ երկու երրորդը ՝մեկնած է Ռուսիա, 9 տոկոսը՝ ԱՊՀ.ի այլ երկիրներ, 15 տոկոսը՝ Եւրոպա եւ 10 տոկոսը՝ Ամերիկայ Միացեալ Նահանգներ։ Արտագաղթի հիմնական դրդապատճառը տնտեսականն է։ Իւրաքանչիւր 3 արտագաղթողէն 2-ը որպէս Հայաստանէն մեկնելու դրդապատճառ կը նշէ աշխատանքի եւ աշխատատեղերու բացակայութիւնը, այսպէս ըսած է Իրինա Դաւիթեան։ Հայաստանի մէջ, միւս կողմէ, կան նաեւ 492 հազար ներգաղթողներ, որոնք կը կազմեն երկրի բնակչութեան 16,1 տոկոսը։ Ատրպէյճանէն Հայաստան եկած են 360 հազար փախստականներ, որոնց 160 հազարը Հայաստանէն գացած էին։ Իսկ հայ-ատրպէյճանական պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի ներքին տեղաշարժուածներու թիւը, եկած՝ երկրի սահմանամերձ շրջաններէն կեդրոնական շրջաններ, կը կազմէ 72 հազար հոգի։



Հայաստան 2050-ին աւելի քիչ բնակիչ պիտի ունենայ քան այսօր

Վիճակագրական տուեալները ցոյց կու տան, որ 2050ին Հայաստանի բնակչութեան թիւը աւելի քիչ պիտի ըլլայ, քան այսօր, այսպէս յայտարարեց վերջերս ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեան, նկատելով որ՝ ժողովրդագրական պատկերը սկսած էր փոխուիլ տակաւին 1995-էն։ Ան նշեց, որ բնակչութեան թիւը, եթէ ոչ աւելցնելու, ապա գոնէ կայուն պահելու համար հարկաւոր է ունենալ 21 գործակից, իսկ հիմա Հայաստան ունի միայն 14 գործակից։

Անցեալ տարի մօտ 42 հազար երեխայ ծնած է, բայց յաջորդ տարի անոր թիւը անշուշտ կը նուազի։ Պատճառներէն են՝ ամուսնութեան շեմի բարձրացում, ընտանիքի պլանաւորման հարցեր, սոցիալական պայմաններ եւայլն։



Մինչեւ տարեվերջ աղէտի գօտիէն ներս բնակարան մուտք պիտի գործէ 1760 ընտանիք

Երեւան - Մինչեւ այս տարեվերջ աղէտի գօտիէն ներս բնակարանաշինութեան ծրագրերու վրայ պիտի ծախսուի ընդհանուր առմամբ շուրջ 251 միլիռ դրամ, շահագործման պիտի յանձնուի 118 հազար քմ մակերեսով բնակելի տարածք, որու աշխատանքներու աւարտին բնակարանամուտ պիտի նշէ 1760 ընտանիք։ Այս տարուայ ընթացքին պիտի տրամադրուին նաեւ շուրջ 403 մլն դրամի ընդհանուր արժէքով բնակարաններու գնման վկայագրեր։ Երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած ընտանիքներու խնդիրներու լուծմանն ուղղուած բնակարանային շինարարութեան իրականացման ծրագրի շրջանակներէ ներս կազմակերպուած եւ կայացած են Գիւմրի քաղաքի Անի եւ Մուշ -2 թաղամասերու մէջ առնուազն 2300 բնակարանի եւ յարակից շինութիւններու, Շիրակի մարզի Ախուրեան գիւղի մէջ՝ 182 բնակարանի եւ սպասարկման, նոյն մարզի 10 գիւղական համայնքներու մէջ առնուազն 226 անհատական բնակելի տուներու կառուցման մրցոյթներ։ Այդպիսիք իրականացուած են նաեւ Սպիտակ քաղաքին մէջ առնուազն 354 բնակարանի եւ յարակից շինութիւններու, եւ Լոռիի մարզի 24 գիւղական բնակավայրերու մէջ առնուազն 1821 անհատական բնակելի տուներու կառուցման նպատակով։

Հակառակ համաշխարհային ֆինանսատնտեսական ճգնաժամի հետեւանքով երկրի մէջ առաջացած դժուարութիւններուն՝ աղէտի գօտիի մէջ բնակարանաշինութեան ծրագրերը չեն յետաձգուած։ Ատոնք պիտի դիտարկուին կառավարութեան կողմէ իրականացուող հակա-ճգնաժամային ծրագրերու ծիրէն ներս։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.