2009-11-21 13:11:57

Լուրեր հայկական կեանքէն։


Լուրեր հայկական կեանքէն։

ՀՕՄի այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ՝ Արայիկ Յարութիւնեանին
ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիգի Մարաշլեան եւ անմիջական գործակիցնեու ընկերակցութեամբ , այցելութիւն մը տուին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ՝ Արայիկ Յարութիւնեանին։ Վարչապետին հետ հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԼՂՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար՝ Վլատիկ Խաչատրեանը։
Հանդիպման գլխաւոր թեման ՀՕՄ-ի Արցախի 11 Սօսէ Մանկապարտէզներու պարագան էր, որոնց գործունէութեան շարունակման միջոցները գործակցաբար ապահովելու կարելիութիւնները քննարկուեցան։ Վարչապետին ու կրթութեան նախարարին ներկայացուեցան կրթական, առողջապահական թէ բարեսիրական աշխատանքի մարզերէն ներս Արցախի մէջ ՀՕՄ-ի նոր նախաձեռնութիւնները։ Արծարծուեցաւ Արցախի հասարակական կեանքին մէջ կնոջ յաւելեա՛լ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը եւ այս իմաստով ՀՕՄ-էն սպասուած ակնկալութիւնները։
Միեւնոյն օրը, այցելեցին Արցախի առողջապահութեան Նախարար Գէորգ Գէորգեանին։ Նախարարը հաստատեց, որ վերջերս ՀՕՄ-ի կողմէ Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութեան տրամադրուած հիւանդանոցային մահճակալները ստացուած են եւ գնահատեց իր ծրագիրներն ու աշխատանքները նախարարութեան հետ համադրելու ՀՕՄ-ի ճիգը։ Ապա պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Հատրութի շրջանին մէջ Թաղլար գիւղի ՀՕՄ-ի Սօսէ մանկապարտէզի վերանորոգուած շէնքի բացմանը։

Գրախօսականներ եւ մտորումներ գիրքի շնորհանդէս։
Կազմակերպութեամբ ՄԷԿ յանձնախումբին ու Հորիզոն շաբաթերթին, վերջերս տեղի ունեցաւ Հորիզոնի աշխատակից եւ Պոլսահայ մշակութային միութեան Գեղարդ պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Կարմիրեանի Գրախօսականներ եւ մտորումներ գիրքին շնորհահանդէսը։
Հորիզոնի գրական յաւելուածի խմբագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեան հանգամանօրէն ներկայացուց հեղինակին այս հաւաքածոն, որ կը պարփակէ 1997-2008 տարիներուն Մարմարաի, Գեղարդի ու Հորիզոնի գրական յաւելուածին մէջ լոյս տեսած յօդուածներ։

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը յետ մահու կը պարգեւատրէ Գէորգ Գանտահարեանը
Թարգմանչաց տօնին առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը ոլորտի բարձրագոյն պարգեւով՝ ոսկեայ յուշամետալով յետ մահու պարգեւատրած է սփիւռքահայ կրթական եւ մշակութային գործիչ Գէորգ Գանտահարեանը։ Նախարարութեան վկայագիրին մէջ կը յիշուի, ոլորտի բարձրագոյն պարգեւը կը շնորհուի սփիւռքահայ գործիչին՝ կրթութեան մարզին մէջ անոր ունեցած վաստակաւոր աւանդին համար։
Ոսկեայ յուշամետալը Լիբանանի մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ձեռամբ կը յանձնուի Գէորգ Գանտահարեանի ընտանեկան պարագաներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.