2009-11-19 12:32:35

Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Սենեկալ


Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Սենեկալ
Երկրի Սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ կրօնքի ազատութիւն, իսկ կրօնաւորական միաբանութիւններուն կը ճանչցուի՝ կազմակերպչական ու մատակարարական լրիւ ինքնավարութիւն, եւ անոնք ընդունուած են պետական դպրոցի հաւասար՝ դաստիարակչական միջոցներ։ Սենեկալի բնակչութիւնը աւելի քան 11 միլիոն,որու հարիւրէն 87,6 տոկոսը մահմէտականներ, հարիւրէն 6,2 տոկոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւորդներ, իսկ հարիւրէն 5,5 տոկոսը քրիստոնեաներ,հուսկ հարիւրէն 0,7 տոկոսը այլ կրօններու հաւատացողներ։ Սենեկալի կաթողիկէները կը հաշուեն 559.000, անոնք ունին եկեղեցական 7 գաւառներ եւ 10 Եպիսկոպոսներ։ Կաթողիկէները ունին նաեւ տեղաբնակ մէկ քահանայով 119 ժողովրդապետութիւներ,իսկ առանց քահանայի կան այլ 5 ժողովրդապետութիւններ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.