2009-11-18 14:15:01

Լուրեր Քրիստոնեայ եւ Հայ աշխարհէն։

Բացուեցաւ Վարդուհի Վարդերեսեանին Անունը Կրող Արուեստագիտական Թանգարանը։


Լուրեր Քրիստոնեայ եւ Հայ աշխարհէն։

Բացուեցաւ Վարդուհի Վարդերեսեանին Անունը Կրող Արուեստագիտական Թանգարանը։

ԵՐԵՒԱՆ - Երեւանի «Պ. Եաւորով» դպրոցին մէջ Նոյեմբեր 17ին բացուած է արուեստագիտական թանգարան՝ դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեանին անունով:

Ըստ դպրոցի տնօրէն Գրիգոր Սաֆարեանին, թանգարանին բացումը կարեւոր դաստիարակաչական դեր ունի երեխաներուն համար: «Երեխաները պէտք է մօտ լինեն հայ արուեստին, որպէսզի մենք յետոյ ունենանք կրթուած եւ ինտելեկտուալ հասարակութիւն: Դա է պատճառը, որ ես կարեւորում եմ նման թանգարանների առկայութիւնը դպրոցներում եւ կրթօճախներում», ըսած է ան: Թանգարանի բացման ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեան յուզումով յայտնած է, որ «Ես ամբողջ 60 տարի ելոյթ եմ ունեցել բեմերում, բայց այս պահին հասկանում եմ, որ սա է իմ կեանքի ամենապայծառ րոպէն»: Հանդիսութեան ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ վաստակաւոր դերասանուհի Էւելինա Շահիրեան եւ ՀՀ վաստակաւոր դերասան Վլադիմիր Մսրեան, որոնք արժանացած են Պ. Եաւորովի անուան յուշամետալին:



Հայաստանի Համալսարաններուն Մէջ Ուսանողներու Թիւը 110 Հազար Է

ԵՐԵՒԱՆ - Ըստ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համալսարաններու համակարգման եւ վերահսկման բաժնի պետ Սասուն Մելիքեանի, Նոյեմբեր 17ը ուսանողներու միջազգային օրն է, որուն ընթացքին ուսանողներուն համար կը կազմակերպուին տարբեր հանդիսութիւններ։ «Անհրաժեշտ է բուհերի ուսանողական խորհուրդների համագործակցութիւնն աւելի ակտիւացնել (աշխուժացնել-Խմբ.): Եթէ այդ համագործակցութիւնը բարձր հիմքերի վրայ դրուի, ապա այն կը նպաստի ուսանողական խորհուրդների միութեան ստեղծմանը: Այդ պարագայում ուսանողական խորհուրդներն աւելի համակարգուած կը գործեն», յայտնած է Ս. Մելիքեան:

Հայաստանի համալսարաններուն մէջ, 2009 Յունուար 1ի տուեալներով՝ կայ աւելի քան 110 հազար ուսանող։ Հանրապետութեան մէջ կը գործեն 19 պետական, 35 ոչ-պետական հաւատարմագրուած բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ, եւ 82 միջին մասնագիտական ու 46 նախնական մասնագիտական կրթական ծրագրեր իրականացնող ուսումնական հաստատութիւններ։



Եուրոզի ստեղծագործական միջազգային արժէք

Շաբաթ մը առաջ Եուրոզ (Եուրի Գէորգեան) հրաւիրուած էր Հռոմ՝ ներկայ ըլլալու համար իր մէկ սրբանկարին՝ Գթութեան լոյսը ստեղծագործութեան օծման արարողութեան։ Օծումը տեղի ունեցաւ նոյնինքն քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ պապին կողմէ Պրեշայի Սուրբ Արքանճելօ Թատինի շքեղ տաճարին մէջ։ Սրբանկարը նուիրուած է Սուրբ Թատինիի կեանքին ու յատկապէս անոր կատարած բարեսիրական գործունէութեան։ Իբրեւ կերպարուեստի աշխարհին մէջ իրագործուած յատկանշական դէպք, օծման Սբ արարողութեան անդրադարձան նաեւ միջազգային մամուլն ու հեռուստակայանները, որոնց շարքին Էյ Պի Սիի կամ Սի Էն Էնի նման պատկերասփիւռի կայաններ։ Գաղափար մը տալու համար Եուրոզի ստեղծագործական միջազգային արժէքին մասին՝ նշենք, որ տուեալ սրբանկարը՝ Սբ Թատինի նուիրուած, մասնագէտներու կողմէ գնահատուած է մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար ամերիկեան տոլարով։ Երկու անգամ անոր առաջարկուած է՝ ՄԱԿ-ի տարուան դրոշմաթուղթը պատկերելու համար, առաջինը Մեծարանք գաղթականներուն, եւ երկրորդը՝ Մարդու իրաւունքները թեմաներով։ Առաջին մեծղի նկարին մէջ չէ մոռցած հայ գաղթական ընտանիքը պատկերել, իսկ երկրորդին մէջ՝ Մասիս սարն ու նուռը՝ իբրեւ հայկականութեան խորհրդանիշ։ Վերջերս Նիւ Եորքի ժամանակակից արուեստի թանգարանի (MOMA) հրատարակած պատկերագիրքի մէջ ներառուած է նաեւ ինք՝ իբրեւ Ամերիկա ապրող լաւագոյն քսաներկու գեղանկարիչներէն մէկը, առաւել՝ շապիկի վրայ տպուած է Եուրոզի ստեղծագործութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.