2009-11-17 13:25:29

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Դպրոցը


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ - Դպրոցը



Նոր փորձանք մը կը պատահի 1837ի շրջանին։ Գաթերին Լազան, որու շնորհիւ Նախախնամութեան տունը տասը տարի է կը գոյատեւէ, ծանրապէս կը հիւանդանայ՝ սպառած իր ուժերէն վեր աշխատանքէն։ Գուրգուրոտ խնամքներով կամաց կամաց կ'առողջանայ, բայց այս պատահարը յայտնապէս ցոյց կու տայ, թէ այս հաստատութիւնը դիւրաբեկ հիմերու վրայ դրուած է։ Մանաւանդ որ վարդապետն ալ այդ օրերուն, յոգնած ու սարսափած ուխտաւորներու խուժումէն, կը խորհի խնդրել եպիսկոպոսէն, որ հրաման տայ իրեն լքելու Արսը։

Պելիի նոր թեմականը` Գերպ. Տէվի, կը յարգէ Վիաննէն, կու գայ իրեն այցելելու, կը տեսնէ այդ իրավիճակը եւ զանազան միջոցներ կը խորհի իմաստուն կերպով կազմակերպելու այս գործը, մինչ այդ վարդապետը առողջութիւնը գտած է, կը պաշտպանէ իր գործը եւ կը հրաժարի Արսը լքելու գաղափարէն, մանաւանդ որ Գաթերին Լազան բոլորովին առողջացած է եւ իր պաշտօնը կը վարէ նուիրումով ու խանդով, տակաւին տասը տարիներ եւս։

Այս հարցը դարձեալ սեղանի վրայ կու գայ 1847ին։ Այլեւս բազմաթիւ դպրոցներ բացուած են թեմին մէջ։ Անոնք կառավարուած են կրօնաւորուհիներու կողմէ։ Անոնց քով նախնամութեան տունը կը խաւարի։ Եպիսկոպոսը կը փափաքի, որ ան ալ յանձնուի Սուրբ Յովսէփ Պուրկի մայրապետներուն։

Անշուշտ քոյրերու հետ դպրոցը շատ աւելի լրջօրէն պիտի ընթանայ, բայց որբանոցը եւ օրիորդներու ապաստարանը պիտի վերցուին, ահա այս կէտն է, որ կ'այրէ բարի հովիւին սիրտը։ Հնազանդութեան հոգիով ամէն ինչ կը յանձնէ քոյրերու մեծաւորուհիին։

Ապա Գաթերինին դառանալով կ'ըսէ տխրութեամբ.

-Կը խորհիմ թէ Գերապայծառը Աստուծոյ կամքը կը տեսնէ այս փոխանցումին մէջ, բայց ես, կը խոստովանիմ, որ չեմ տեսներ։

Խե՛ղճ Գաթարինն ալ ազդուած էր. Ինքը որ քսան տարիներ զոհուած է այս գործին, կը քաշուի ժողովրդապետանոցի մօտիկ բնակարանի մը մէջ։ Հոն օրերը կ'անցնէ աղօթքով, վարդապետին օգնելով եւ գլխաւորապէս նօթագրելով սուրբ քահանայի մասին լսածները եւ տեսածները։

Այսպէսով Տէր Վիաննէի մահէն ետք անոր լաւագոյն վկաներէն մին կ'ըլլայ, երբ երանացուցման դատը կը բացուի, իր սրբութիւնը ապացուցելու համար։ Գաթերին մեռաւ Արսի մէջ 1883ին, ետին ձգելով համբաւ մը ողջմտութեան եւ սիրոյ։ Արդէն ի՞նչ կրնայինք սպասել Տէր Վիաննէի ճշմարիտ աշակերտուհիէ մը։ Սակայն Արսի մէջ միայն աղջիկներ չկան, կան նեաւ տղաքը։ Անոնց առած կրթութիւնը, ձմռան քանի մը ամիսներուն, անբաւական է, պէտք է անոնց համար ալ դպրոց մը բանալ։ Կը դիմէ կառավարութեան, որ խոստումներէ զատ ուրիշ բան չի կրնար ընել։

Հուսկ Վիաննէ կը դիմէ Ֆրեր Կապրիէլ Թապորէնի` հիմնադիրը Ֆրերներու միաբանութեան եւ հանգիստ սրտով անոնց կը վստահի Արսի տղաներու վարժարանը 1894ին։

Եւ այս Աստուծոյ նուիրեալ դաստիարակները սիրով ու նուիրումով ձեռք կ'առնեն Արսի անկեղծ ու պարզ զաւակներուն կրթութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.