2009-11-17 13:25:14

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։



Նորին Սրբութիւնը ընդունելով հարաւային Պրազիլի եպիսկոպոսները, որոնք Հռոմ կը գտնուին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու ս. Պետրոսի յաջորդին, կոչ ըրաւ խիղճերու կազմութեան։ Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս անդրադարձաւ կեանքի պաշտպանութեան մասին անոր յղացումէն մինչեւ բնական մահը։

Կեանքի պաշտպանութիւնը չի պատկանիր լոկ քրիստոնեաներու այլ ամէն անհատի որ կ'աշխատի վասն ճշմարտութեան։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Ծննդոց Գիրքին մէջ Կեանքի Տէրը կը հաստատէ ''մարդու կեանքի մասին հաշիւ պիտի պահանջեմ եղբօրմէն... որովհետեւ Աստուած մարդը ստեղծեց իր նմանութեան ու պատկերին համաձայն։''

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը Պրազիլի եպիսկոպոսներէն խնդրեց որ չի յոգնին խիղճերը կազմելու եւ վստահելու Յաղթական Քրիստոսի վրայ։



Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը Մալթա յառաջիկայ ապրիլ 17ին եւ 18ին, Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան 1950րդ տարեդարձին առթիւ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Մալթա ապրիլ ամսուան մէջ։ ճամբորդութեան նպատակն է Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան 1950-րդ տարեդարձը մալթա կղզեխոմբին մէջ, կը հաղորդագրէ Մալթայի արքեպիսկոպոսական թեմը։

Քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ տեսսակցութիւն ունենալէ ետք, շաբաթ ապրիլ 17ին , Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Պօղոս առաքեալի քառայրը Ռաբաթի մէջ։

Կիրակի ապրիլ 18, առաւօտուն, Նորին Սրբութիւնը բացօդեայ պատարագ պիտի մատուցէ ֆլորիանա քաղաքը, իսկ յետմիջօրէին Լա վալեթթայի մէջ հանդիպում կ'ունենայ երիտասարդութեան հետ եւ որուն աւարտին` Հռոմ կը վերադառնայ։

Մալթայի այցելութեամբ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 14-րդ միջազգային ճամբորթութիւնը կատարած կ'ըլլայ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին նամակը կարտինալ Թոմգոյի Թայուանի աւետարանութեան 150ամեակին առթիւ։

Նորին Սրբութիւնը նշանակած է կարտինալ Ժոզէֆ Թոմքոյի, երբեմնի կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի, որպէս իր յատուկ նուիրակը մասնակցելու Թայուանի աւետարանութեան 150ամեակի տօնախմբութեան, որ տեղի պիտի ունենան Թայփէ յառաջիկայ նոյեմբեր 22ին։

Նշանակումի նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ. Թայուանի աւետարանութիւնը առատ օրհնութիւն բերաւ ժողովուրդին։ Ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է տօնախմբելու եւ գոհաբանելու Տէրը իր անհուն ողորմութեան համար եւ ամրապնդելու հաւատացեալներու հաւատքը ։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ թէ սիրով ընդունած է Թայուանի եկեղեցւոյ խնդրանքը առաքելական նուիրակ մը ուղարկելու Թայփէ միասնաբար տօնախմբելու այս կարեւոր տարեդարձը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստսոսի Տիեզերքի Թագաւոր տօնին օրը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը կարտինալ Թոմգոյէն կը խնդրէ ներկայցնել ս. Պետրոսի յաջորդին հոգեւոր մոտիկութիւնը եւ օրհնութիւնը բոլոր անոնց որոն պիտի մասնակցին տօնախմբութեան։



Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցին կը մասնակցի Սերպիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ սուգին ի լուր Բավլէ ծերունազարթ պատրիարքին մահուան։



Սերպիոյ մէջ երեք օր սուգ հռչակուեցաւ Սերպիոյ օրթոտոքս պատրիարքին մահուան համար։ Ան 95 տարեկան էր. 1990էն ասդին առաջնորդեց պատրիարքութիւնը։

Կարտինալ Քասբեր` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնած է Սերպիոյ եկեղեցւոյ։ Ցաւակցական հեռագիրին մէջ կարտինալը կը գրէ. Բավլէ պատրիարքը բոլորին հանար հաւատքի ու աստուածսիրութեան մեծ օրինակ եղաւ։ Ան հակառակ դժուար ու բարդ ժամանակներու, յատկանշուած պատերազմներով ու զինեալ ընդհարումներով, միշտ մնաց հաւատքի ու երկխօսութեան մարդ, նկարագիրով խոնարհ եւ զուարթաբան, լուսաւոր օրինակ կեանքի մը` ամբողջովին նուիրուած Աստուծոյ։

Նոյնպէս Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը Բարդողոմիոս Ա. իր խոր ցաւը յայտնած է Բավլէ Պատրիարքին կորուստին համար։ Սերպիոյ նախագահը Պորիս Դատիչ ընդգծեց թէ Բավլէ պատրիարքի մահը մեծ կորուստ եղաւ Սերպիոյ հանրապետութեան ու եկեղեցւոյ։ Ռուսիոյ նախագահ Մետվետեւ իր ցաւակցական պատգամին մէջ կը գրէ. ան եղաւ ճշմարիտ հայրենասէր մը ու եկեղեցասէր մը։ Յայտնենք թէ Բավլէ պատրիարքին ուղարկաւորութեան կարգը յառաջիկայ հինգշաբթի օրը տեղի կ'ունենայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.