2009-11-16 13:16:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան Հռոմի կեդրոնին, սննդառութեան համաշխարհային վեհաժողովին առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան Հռոմի կեդրոնին, սննդառութեան համաշխարհային վեհաժողովին առթիւ։



Այսօր Հռոմի մէջ կը բացուի ֆԱՕ` ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան սննդառութեան համաշխարհային վեհաժողովը, որուն աշխատանքները տեղի կ'ունենան Հռոմ, նոյեմբեր 18-23։

Ւ նշան զօրակցութեան աշխարհի բոլոր սովահարներու, ֆԱՕյի ընդհանուր տնօրէնը Ժագ Տիուֆ, կիրակի օրը ծոմ պահեց, եւ հրաւիրեց բոլոր այն անհատներէն որոնք ոչ կ'ըսեն այս անարդարութեան, որ իրեն պէս, մէկ օրուայ ծոմ պահեն։ ՄԱԿԻ ընդհանուր քարտուղարը` Պան Քի Մուն իր կարգին միացաւ այս նախաձեռնութեան։

Ներկայ համաշխարհային վեհաժողովին կը մասնակցին 150 երկիրներու պատուիրակութիւնները, եւ գրեթէ 60 նախագահներ ու վարչապետներ կը մասնակցին վեհաժողովին։ Հայաստանը իր պատուիրակութեամբ ներկայ է վեհաժողովին։

Առաւօտեան ժամը 11.30ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մուտք գործեց ֆԱՕյի կեդրոնը, ուր անմիջապէս ընդունուեցաւ ԺագՏիուֆէն` տնօրէն ֆԱՕյի, Պան Քի Մունէն ընդհանուր քարտուղար Մակի, Ալի Թրիքիէն նախագահը ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի եւ Պերլուսքոնիէն` Իտալիոյ վարչապետը եւ նախագահը ֆԱՕյի։

Բարի գալուստի խօսքին մէջ ֆԱՕյի տնօրէնը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեան ֆԱՕյի համաշխարհային վեհաժողովին։ Անկեղծօրէն ու ջերմօրէն կ'ուզեմ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել իմ ու ժողովականներու անունով որովհետեւ հաճեցաք ընդունիլ մեր հրաւէրը ու բաժնել մեր մտահոգութիւնն ու յոյսը ի տես համաշխարհային սննդառութեան անապահովութեան։ Ձեր ներկայութիւն մեր մէջ հոգեւոր ծաւալ կու տայ աշխարհի սովին, որուն հետեւանքով տասնեակ հազարաւոր մանուկներ, կիներ ու այրեր կը մահանան։ Սովի հարցը բարոյական խնդիր մը դարձած է ըսաւ ֆԱՕյի տնօրէնը իր խօսքը եզրափակելով։

Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառին մէջ խնդրեց որ ջնջուի սովին կառռուցական պատճառները, որովհետեւ երկրի վրայ ոչ թէ կերակուրը որ կը պակսի, այլ միջազգային նոր օրէնքներու անհրաժեշտութիւնը, որոնք կարող պիտի ըլլան նուաճելու գոյացող ծանր անհաւասարութիւնները, ըսաւ Սրբազան հայրը, մատնանշելով թէ մարդու ամբողջական զարգացումին համար հարկաւոր է ճանչնալ ամէն անհատի գերազանց արժէքը, որպէս առաջն քայլ ու յանձնառում արմատախիլ ընելու թշուառութիւնը, սովը ու աղքատութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց բացանչելով. կարելի չէ ընդունիլ զեխութիւնն ու վատնումը երբ սովի ծաւալը օրէօր կ'աճի։

Ճառին աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը Քարայպի սարահին մէջ, անհատաբար տեսակցեցաւ բոլոր այն նախագահներու հետ որոնք նախապէս բաղձանք յայտնած էին իրեն հանդիպելու։ Հուսկ ժամը մէկին վատիկան վերադառձաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.