2009-11-16 13:30:47

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

Ս. Քառասնից մանկանց Եկեղեցի Դպրաց դասի օր

Լիբանան - Կիրակի, 15 նոյեմբեր 2009-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր պատարագով նշուեցաւ Դպրաց դասի օրը։ Քարոզին բնաբանն է. ծառայեցէք Տեառն ուրախութեամբ։ Դպրաց դասի օրուան անդրադառնալով՝ Ղեւոնդ աբեղայ ըսաւ, թէ դպիր ըլլալ կը նշանակէ ծառայութեան հոգի ունենալ եւ նուիրեալ անձ ըլլալ։ Ան դպրաց դասին առաքելութեան մասին երկու հիմնական կէտերու անդրադարձաւ

ա- Նուիրում - Աստուած այնքան սիրեց մեզ, որ իր միածին որդին նուիրեց, երբ աշխարհ եկաւ։ Նուիրումը սահման չունի։ Փոքրէն մինչեւ մեծ ընելիք ունի եկեղեցւոյ մէջ։

բ- Ծառայութիւն - Նուիրումը իմաստ չի ստանար, երբ մեր կեանքին մէջ գործնական չդարձնենք զայն։ Քրիստոս նուիրուեցաւ, սակայն նուիրումը գործնականի վերածեց։ Ան վերյիշեց ծառայողներու այն փաղանգը, որոնք ներկայիս բաժնուած են մեզմէ մարմնապէս, սակայն անոնց հոգիները կը ցնծան երկինքէն, երբ կը տեսնեն նոր սերունդի ծառայողները։

Ան կոչ ուղղեց, որ առաւել խանդով ծառայեն դպրաց դասի անդամները, որովհետեւ եկեղեցւոյ արարողութեան մասնակցելով անոնք հաւատացեալներուն հոգիները կը լեցնեն Քրիստոսի հաւատքով ու սիրով։

Յաւարտ Ս պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ դպրաց դասի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.