2009-11-13 14:01:52

Հ Հ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Իտալիոյ մօտ Տիար Ռուբէն Կարապետեանի այցելութիւնը Ռատիովատիկան


RealAudioMP3 Հ Հ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Իտալիոյ մօտ Տիար Ռուբէն Կարապետեանի այցելութիւնը Ռատիովատիկան

Հինգշաբթի 12 Նոյեմբեր 2009ին Հ Հ լիազօր դեսպան տիար Ռուբէն Կարապետեան այցելեց Ռատիովատիկան եւ յատկապէս հայերէն հաղորդումներու գրասենեակը։ Վսեմաշուք դեսպանը ընդունուեցաւ Հայերէն հաղորդումներու տնօրէն Տիար Միքայէլ Ժանժէյի ու հաղորդումներու անձնակազմին կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին դեսպանը տեղեկացաւ Ձայնասփիւռի յայտագրերուն ու յատկապէս հայերէն հաղորդումներուն մասին։

Բարեկամական մթնոլորտի մը մէջ նաեւ յիշատակի նկարներ առնուեցան հայկական գրասենեակին մէջ, որմէ ետք նուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ։ Վսեմաշուք դեսպանը Ռատիոյին նուիրեց շատ գեղեցին Ալպոմ մը Հայկական Գլուխ գործոց մշակութային կոթողներու մասին, իսկ Տիար Միքայէլ Ժանժին յանձնեց անձնակազմին անունով Սրբանկար մը եւ Վատիկանի ձայնասփիւռի պատմութեան մասին ժապաւէն մը։

Այս առթիւ Դեսպանը ընդունուեցաւ նաեւ Ռատիօ վատիկանի հաղորդումներու տնօրէն Յիսուսեան Հ. Անտրէա Գաբրովսկիի կողմէ եւ այցելեց Ռատիովատիկանի սթիւտիոները ու յատկապէս ՂՊԲ-ի անունը կրող Սթիւտիոն ուր եւ հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցանք իրեն հետ։

Դեսպանը տեղեկութիւններ տուաւ պատասխանելով Տիկ Ռիթա Մելեքեանի եւ Սօնա Նիւրփէթլեանի հարցումներուն զոր այժմ լսելի կ՝ընենք ձեզի....



RealAudioMP3 Հարցազրոյց վսեմաշուք Տիար Ռուբէն Կարապետեանի հետ

Իտալիոյ մօտ Հ Հ արտակարգ եւ Լիազոր դեսպանը

Տիար Ռուբէն Կարապետեան ծնած է Հայաստան, 1963-ին ։ Իր դիւանագիտական ասպարէզը սկսած է 1993-ին Հ Հ արտգործ նախարարութեան մէջ, պաշտօնավարած է Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի մօտ Հ դեսպանութեան մէջ։ 2004-ին նշանակուած է Եգիպտոսի մօտ Հ Հ լիազօր դեսպան մինչեւ Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով անուանումը Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան, ուր իր հաւատարմագրերը ներկայացուց Իտալիոյ նախագահ՝ Ճորճօ Նաբոլիթանոյին 23 Հոկտեմբեր 2009-ին։

Տիար Ռուբէն Կարապետեան ամուսնացած է եւ հայր՝ աղջիկ զաւակի մը։

Հայերէնէ զատ կը տիրապետէ Ռուսերէնի, Յունարէնի, Անգլերէնի եւ Արաբերէնի։ Դիւանագիտական իր ասպարէզի կողքին՝ դասախօսած է ՜՜Արաբական աշխարհի արդի պատմութիւնը եւ միջազգային յարաբերութիւնները՝՝ նիւթին մասին, Երեւանի պետական համալսարանի՝ Արեւելեան Ուսմանց մասնաճիւղին մէջ 1999-էն մինչեւ 2004։

Եւ ճիշդ 2004-ին կ՝անուանուի Հ Հ դեսպան Եգիպտոսի պետութեան մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.