2009-11-09 12:37:01

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ։ Այսօր Հունգարիոյ մէջ տեղի կ՝ունենայ Հայաստանի եւ Հունգարիոյ նախագահներուն հանդիպումը, որմէ ետք կը կայանայ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու ընդլայնուած ժողով, ինչպէս նաեւ համաձայնագիրներ կը կնքուին՝ համագործակցութեան ծիրին մէջ։ Մինչ այդ, շաբաթավերջին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած էր ՝՝Գաֆեսճեան Ընտանիք՝՝ հիմնադրամի նախագահ, ՝՝Գաֆեսճեան՝՝ արուեստի կեդրոնի հիմնադիր, ամերիկահայ բարերար Ժեռար Գաֆեսճեանը։ Քննարկումի նիւթ դարձած են մշակութային ծրագիրները, որոնք պիտի ծառայեն Հայաստանի բարգաւաճման եւ արուեստի մակարդակին վրայ միջազգային չափանիշներու բարձրացման։ Շաբաթ երեկոյեան Կասկատ համալիրին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցած է ՝՝Գաֆեսճեան՝՝ արուեստի կեդրոնի պաշտօնական բացումը։ Հոն ամփոփուած են Արշիլ Կորքիի, ինչպէս նաեւ հայ ու օտար համաշխարհային արուեստի կարկառուն դէմքերուն գործերն ու գլուխ-գործոցները։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ ԱՒԱՐՏԻՆ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Պաքու եւ Երեւան այցելելէ ետք կրկին վերադարձած են Պաքու, որպէսզի անգամ մը եւս հանդիպին Ազրպէյճանի նախագահին հետ, թէեւ սկզբունքով այս մէկը չկար ծրագիրին մէջ։ Անոնք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն առաջարկած են նոյեմբերի աւարտին հանդիպում ունենալ՝ վեցերորդ անգամ ըլլալով, եւ քննարկել ղարաբաղեան տագնապի լուծման կարելիութիւնները։Համանախագահներուն համաձայն, զոյգ նախագահները ընդունած են ներկայացուած առաջարկը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են այս թղթածրարին առնչուող հիմնական սկզբունքներուն շուրջ համաձայնելու ու բանակցութիւնները շարունակելու։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընդունած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք Աթեշեանը։ Ըստ տեղեկութեանց Արամ արք Աթեշեան վարչապետ էրտողանը տեղեակ պահած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ արք Մութաֆեանի առողջական վիճակին մասին,դիտել տալով, որ պարագան նկատի ունենալով նպատակայարմար է աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւնը։ Այս մասին պէտք է պաշտօնական դիմում ներկայացուի թրքական իշխանութիւններուն։
Թորքիոյ Խորհրդարանի Քննարկման Ժամկէտը Կ՛աւարտի Դեկտեմբեր 7ին ։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամուլի խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքի մասին, յայտնած է, որ   Դեկտեմբեր 7ին Թուրքիոյ Խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պիտի աւարտէ արձանագրութիւններու վաւերացման վերաբերեալ կարծիքներ լսելու աշխատանքը: Եթէ թրքական կողմը բացասական վերաբերմունք արտայայտէ արձանագրութիւններու վաւերացման հանդէպ, ապա, Շարմազանովի համոզմամբ, այդ վերաբերմունքը միջազգային հանրութեան կողմէ լաւ պիտի չընդունուի:՝՝90ականններին սահմանը փակողը Թուրքիան է եղել, իր նախաձեռնութեամբ, հետեւաբար այսօր էլ արձանագրութիւնների առաջին վաւերացնողն ինքը պէտք է լինի», ընդգծած է Էդուարդ Շարմազանով: Նշենք որ Թուրքիոյ վարչապետը 16-18 Նոյեմբեր Հռոմի մէջ պիտի մասնակցի ֆԱՕ-ի գագաթնաժողովին։
ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ ԹՐՔԱԿԱՆ ԹԵՐԹԵՐԷՆ։
Թրքական ՝՝ԶԱՄԱՆ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետարանը լոյս ընծայած է իր արխիւներու բաժանմունքին 100-րդ գիրքը։ 700 էջերէ բաղկացած գիրքը կը կոչուի ՝՝Ղարաբաղը օսմանեան փաստաթուղթերուն մէջ՝՝։ ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ՝՝թերթը կը հաղորդէ, որ թրքական ծովուժին պատկանող Կետիզ յածանաւը, որ ՕԹԱՆ-ի հրամանով Սոմալիի մէջ ծովահէններ կը հետապնդէր, յունական Թէոտորոս նաւը փրկած է ծովահէններէ։ Յունական նաւը հինշաբթի օր Ատենի ծոցին մէջ փրկութեան կոչ ուղղած է։ Ի պատասխան այդ կոչին, թրքական յածանաւը անմիջապէս գործի լծուած է եւ թրքական ծովային մասնայատուկ ուժերը հինգ ծովահէններ ձերբակալած են։ Իսկ ՝՝ԵՆԻ ՇԱՖԱՔ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրաքի լեռներէն ՔԱԿ-ի անդամներու տունդարձը, որ Հապուրի մէջ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան ցուցաբերած ընդունելութեան պատճառով առկախուած էր, լուռ կերպով պիտի շարունակուի։ 40-50 հոգիէ բաղկացած ՔԱԿ-ի երկրորդ խումբ մը մօտ օրէն Թուրքիա պիտի վերադառնայ։ Բայց այս անգամ սահմանին վրայ բարի գալուստի ընդունելութիւններ տեղի պիտի չունենան։







All the contents on this site are copyrighted ©.