Սրբազան
Քահանայապետի խօսքը Իրանի նոր դեսպանին, հաւատարմագրերու արարողութեան ընթացքին։
իր
արտասանած ճառով Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց Իրանի կառավարութենէն որ իր դրական մասնակցութիւնը
բերէ միջազգային համագործակցութեան ու շեշտը դրաւ կրօնական ազատութեան ու փոքրամասնութիւններու
իրաւունքին վրայ։
Սրբազան Հայրը նոր դեսպան Ալի Աքպար Նասերիի հաւատարմագրերը
ընդունելով մաղթեց որ Իրանի իշխանութիւնները երաշխաւոր են քրիստոնեաներուն հրապարակաւ
դաւանելու եւ ապրելու իրենց քրիստոնեական հաւատքը եւ դիւրութիւններ ընծայել անոնց բաւարարաչափ
հովիւներ ունենալու։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը իր ողջոյնի ու քաջալերանքի խօսքը ուղղեց
քրիստոնեայ կաթողիկէ հասարակութեան։
իր խօսքը ուղղելով բանամայի նոր դեսպանին
Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. երկրի մը ճշմարիտ բարգաւաճումը ոչ միան տնտեսական է այլ եւ բարոյական
ու հոգեւոր։ Ապա Սրբազան Հայրը ընդգծեց բարի կապերը որ կան բանամայի ու Ս. Աթոռի միջեւ
եւ մատնանշեց թէ կարելի չէ նոյնացնել Եկեղեցին պետութեան հետ, իւրաքանչիւրը յատուկ առաքելութիւն
մը ունի։ Եկեղեցին կը շարժի կրօնական ու հոգեւոր մարզի մէջ ու կը մտի պաշտպանել մարդու
արժանաւորութիւնը ու իրաւունքները։ Այս զանազանութիւնը չենթադրէ փոխադարձ անտարբերութիւն
եւ անգիտակցում, որովհետեւ եկեղեցին ու պետութիւնը կը գործեն քաղաքացիներուն բարիքին
համար։
Հուսկ Աստղագիտութեան տարուան առթիւ Վատիկանի աստաղդիտարանը հոկտեմբեր
30 ու 31 կը տօնէ աստղագիտութեան տարին, այդ առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեցաւ
Վատիկանի աստղագիտարանի ժողովին մասնակցողները։ Անոնց ուղղած խօսքին մէջ ըսաւ. գիտութիւնը
պէտք է իր տրամաբանութեան հորիզոնը բանայ ճշմարտութեան փնտռտուքի։ Տիեզերքը դիտելով կարող
ենք ճանչնալ Աստուած արարչագործութեան մէջ։
Վատիկանեան տեղեկութիւններ
Վատիկանի
մնայուն դէտը ՄԱԿի մօտ` գերապայծառ Միլիորէ յայտարարած է թէ քրիստոնեաները աշխարհի վրայ
ամենէն աւելի ենթակայ են խտրականութեան ու հալածանքի։
Վատիկանի մնայուն դէտը
գերապայծառ Միլիորէն ՄԱԿի նիստին խօսք առնելով յայտարարեց թէ քրիստոնեաները աշխարհի վրայ
ամենէն աւելի ենթակայ են խտրականութեան։ Ան իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս մատնանշեց թէ
կրօնական ազատութիւնը լայնօրէն բռնաբարուած է աշխարհի վրայ եւ որուն հետեւանքով բազմաթիւ
անմեղներ կը սպաննուին ու եկեղեցիներ կ'այրին ու կը քանդուին։ Ան ըսաւ թէ կառավարութիւնները
պարտականութիւնը ունին կիրարկելու կրօնական ազատութեան իրաւունքը եւ աշխատելու բոլոր
անհատներուն երաշխաւորել հաւասար արժանաւորութիւն։ Նոյնպէս Վատիկանի մնայուն դէտը յայտարարեց
թէ զա նազան կրօներու պատասխանատուները կանչուած են միասնաբար գործել բոլոր հաւատացեալներու
միջեւ աճեցնելու փոխադարձ հասկացողութիւն ու յարգանք։