2009-10-31 14:20:21

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն



Պոլիս- ՜՜Իսթանպուլ 2010 մշակոյթի մայրաքաղաք՝՝ ձեռնարկներու շարքին համար Պոլսոյ հայ համայնքի կողմէ պատրաստուած ծրագիրները յանձնուեցան ՜՜Իսթանպուլ 2010՝՝ի գործադիր յանձնախումբին։

Պոլսոյ Պատրիարքարանի աղբիւրներու համաձայն (կը տեղեկացնէ մեզի Պոլիս լոյս տեսնող ժամանակ օրաթերթը) նշեալ ծրագիրները գործադիր յանձնախումբին յանձնելու համար, գլխաւոր քաղաքապետութեան Սիւթլիւճէի մշակութային կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է հանդիպում մը։ Յանուն պոլսահայ համայնքին, հանդիպումին մասնակցած են Գերշ. Արամ Արք Աթէշեան՝ Ատենապետը կրօնական ժողովին ու լուսարարապետը Պատրիարքական Աթոռի, ինչպէս նաեւ՝ ՜՜Իսթանպուլ 2010՝՝ի համայնքային աշխատանքային խմբակի նախագահ՝ Հոգշ. Թաթուլ Ծ Վրդ. Անուշեան, Եղիշէ Աբղ. Ուչքունեան, Տէր Կորիւն քհնյ. ֆեներճեան, եւ համայնքային խմբակի ատենապետն ու անդամները։ Ներկայ էին նաեւ՝ ծրագրի գործադիր յանձնախումբի անունով պետական նախարար Հայաթի Եազճը եւ քաղաքային անձնաւորութիւններ։ Ներկայացուելէ ետք ծրագիրները, տեղի ունեցած են կարծիքներու փոխանակում, որմէ յետոյ նախարարն ու յանձնախումբի նախագահը բարձր գնահատած են ծրագիրն ու համայնքին կարգապահ աշխատութիւնը ու խոստացած անյապաղ ՜՜ծրագիրը ամբողջութեամբ՝՝ փոխանձել պատկան մարմիններուն։





՜՜Միշտ Առնոյի հետ՝՝ համերգը Երեւանի Արամ Խաչատրեանի մեծ համերգասրահին մէջ։

Երեւանի Արամ Խաչատրեանի մեծ համերգասրահին մէջ Շաբաթ 31 Հոկտեմբեր 2009ին տեղի պիտի ունենայ ՜՜Միշտ Առնոյի հետ՝՝ համերգը նուիրուած մեծանուն երաժշտահան Առնօ Պապաճանեանի։ Համերգային ծրագիրը կ՝իրականացուի Հ Հ մշակոյթի նախարարութեան ու հանրային ձայնասփիւռի աջակցութեամբ։ Համերգին ներկայ պիտի գտնուի հայազգի յայտնի յօրինողի որդին՝ Արա Պապաճանեանը։ Այս առթիւ ելոյթներ պիտի ունենան հայ երգարուեստի յայտնի անուններ. ինչպէս՝ Ռուբէն Մատթէոսեան, Ռայիսա Մկրտչեան, Մարթին Վարդազարեան եւ ուրիշներ։

Հոկտեմբեր 24-էն մինչեւ Նոյեմբեր 1-ը Երեւանի Մեթրօ թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի կ'ունենայ Նռան հատիկ 9-րդ մանկապատանեկան թատերական փառատօնը, որը այս տարի նուիրուած է ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 140-ամեակին։ Փառատօնին այս տարի մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած են 32 թատերախումբեր Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն, որոնցմէ 25-ը այս օրերուն բեմադրութիւնները կը ներկայացնեն։ Փառատօնի բացումը ազդարարած է Աւ. Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանի Իսահակեան թատերախումբը Խաղում ենք Թումանեան ներկայացմամբ։ Նռան հատիկ մանկապատանեկան թատերական փառատօնը հիմնադրած է եւ կը կազմակերպէ Նախաբեմ կրթամշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Աւ. Իսահակեանի անուան գրադարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.