2009-10-30 12:34:21

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Նախագահ Սարգսեան Կը Դիմէ Ռուսահայ Գործարարներուն Մասնակցելու «Թելեթոնին»։
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան անցեալ Կիրակի, Հոկտեմբերի 25ին, Մոսկուայի «Արարատ Փարք Հայաթ» հիւրանոցին մէջ բարեգործական դրամահաւաք-ճաշկերոյթի մը ընթացքին կոչ ուղղած են ռուսահայ գործարարներուն մասնակցելու «Հայաստան» հիմնադրամի ամէնամեայ թելեթոնին, որուն հասոյթը այս տարի պիտի տրամադրուի Շուշիի վերականգնման ծրագիրներուն: Դրամահաւաք-ճաշկերոյթին ներկայ եղած են Ռուսիոյ տարբեր շրջաններէն եկած 80 գործարարներ:
 Դիմելով հրաւիրեալներուն Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Ինչպէս գիտէք, սկսուել է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ դրամահաւաքը, որը յաճախ իրաւամբ կոչւում է նաեւ «Ազգային տուրք»: Այս անգամ մեր հանգանակութիւններն ուղղուելու են Շուշի քաղաքի զարգացման ծրագրերին: Այն Շուշին, որ Արեւելեան Հայաստանի կրթական ու մշակութային կենտրոներից էր, այն Շուշին, որով մենք մշտապէս հպարտացել ենք, այսօր մեր աջակցութեան կարիքն ունի: Աշխարհում երեւի քիչ կան այնպիսի բարդ ճակատագիր ունեցող քաղաքներ, ինչպիսին Շուշին է: Մեր տարածաշրջանում չի եղել մի պատերազմ, որի ընթացքում մեծապէս չտուժէր մեր գեղեցիկ բերդաքաղաքը: Բաւական է յիշել, որ վերջին երկու հարիւր տարում Շուշին առնուազն տասնհինգ անգամ ձեռքից ձեռք է անցել: Դրանով այն տասնապատիկ աւելի թանկ է մեզ համար: «Ես ձեզ կոչ եմ անում շռայլօրէն մասնակցել հանգանակութեանը, ինչպէս դարեր շարունակ վայել է եղել մեր բարեգործներին ու մեկենասներին: Մենք ինչ էլ որ տանք, աւելին չենք տալու, քան այն արիւնը, որ տուեցին Շուշին մեզ վերադարձրած ազատամարտիկները: Արժանի լինենք նրանց սուրբ գործին: Նշենք, որ  դրամահաւաք-ճաշկերոյթի ընթացքին նուիրաբերուած գումարներու չափը եւ նուիրատուներու անունները «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը հրապարակէ թելեթոնի օրը՝ Նոյեմբեր 26ին:

Հայաստանի Եւ Արցախի Օժանդակելու Կոչ՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրէսականներ Ֆրէնք Փալոն եւ Ֆրէնք ԼոՊիոնտօ, Հոկտեմբեր 26 թուակիր նամակ մը յղած են Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբերուն, կոչ ընելով անոնց, որ 2010ի Միացեալ Նահանգներու ամավարկին մէջ 48 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն  նկատի ունենան Հայաստանի համար, անփոփոխ պահելով նախորդ տարուան գումարը, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի համար կ՛առաջարկուի նախորդ տարուան օժանդակութեան քանակը բարձրացնել, զայն հասցնելով 10 միլիոն տոլարի: Իրենց նամակին մէջ, քոնկրէսականները կը նշեն, թէ Վրաստան-Ռուսիա համակարտութեան հետեւանքով Հայաստանի տնտեսութիւնը շուրջ 680 միլիոն տոլարի վնաս մը կրած է, սակայն միաժամանակ օժանդակութիւններ տրամադրած է Վրաստանի ժողովուրդին եւ դիւրացուցած է տագնապի օրերուն ամերիկացի դիւանագէտները ապահով կերպով Վրաստան հասցնելու աշխատանքներուն: Քոնկրէսականները նաեւ կ՛առաջարկեն 3.45 միլիոն տոլարի ռազմական օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք նեցուկ կանգած են Իրաքի եւ Քոսովոյի մէջ խաղաղարար աշխատանքներուն:

Հայաստանի, Ատրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Լրատուամիջոցներու Ղեկավարներուն Հանդիպումը Մոսկուայի Մէջ։
Նախաձեռնութեամբ ՌԴ նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան գծով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շուիդկոյի,  Հոկտեմբեր 28ին, Մոսկուայի «Գրականագէտներու տան» մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի շարք մը առաջատար լրատուամիջոցներու ղեկավարներու հանդիպումը, որուն մասնակցած են Ռուսաստանի մէջ գործող Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպաններ Արմէն Սմբատեանն ու Փոլատ Պիւլպիւլօղլին:
 Ատրպէյճանի դեսպանը իր ելոյթին ընթացքին նշած է, որ երկու հարեւան երկիրները՝ չնայած բարդ յարաբերութիւններուն, պէտք է առաջ նային եւ փորձեն գտնել այն կէտերը, որոնք կը մօտեցնեն երկու ժողովուրդները: Ան յոյս յայտնած է, որ արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ, երկու ժողովուրդները իմաստուն պիտի ըլլան՝ կողք կողքի ապրելու, զարգանալու, առաջ նայելու համար: Ռուսաստանի մէջ գործող Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեան իր կարգին նշած է, որ հասարակութեան տարբեր շերտերը պէտք է շփման միջոցով յարաբերութիւններու ստեղծման եզրեր գտնեն: Ըստ իրեն՝ հակամարտութիւններ կրնան ըլլալ, բայց ժողովուրդները պէտք է շփուին՝ համապատասխան նպաստաւոր մթնոլորտ ստեղծելու նոյն  հակամարտութիւններու լուծման համար:  Հանդիպման ժամանակ խօսուած է լրագրողական փոխ-գործակցութեան, տեղեկատուութեան անկողմնակալութեան ապահովման մասին, շեշտուած է լրատուութեան դերը փոխադարձ վստահութեան հաստատման գործին մէջ: Նշենք, որ նոյն նախաձեռնութեան ծիրին մէջ՝ այս հանդիպման նախորդած էին մտաւորականութեան ներկայացուցիչներուն այցը՝ Երեւան, Ստեփանակերտ եւ Պաքու, ինչպէս նաեւ  երեք երկիրներու խորհրդարանական պատուիրակութիւններուն հանդիպումը Մոսկուայի մէջ։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.