2009-10-29 13:09:56

Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։


Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։



ՀԱՍԱՐԱԿԱԾԱՅԻՆ ԿԸՎԻՆԷԱ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ կրօնական ազատութիւն։ Կրօնաւորական բոլոր խումբերը հարկ է որ արձանագրուին խնդրագիրով մը ՝Արդարութեան ու Պաշտամունքի Նախարարութեան մօտ։ Կրօնաւորական այն բոլոր խումբերը որոնք չեն արձանագրուիր տուգանքի կ՝ենթարկուին։ Արձանագրուելու պարտականութենէն զերծ են Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ Հասարակածային Կըվինէայի Նորակարգեալ Եկեղեցին,այս երկու եկեղեցիներուն կը ճանչցուին նաեւ այլ առանձնաշնորհումներ պատմական ու ընկերային պատճառներու բերումով։ Երկրի 500հազարէն քիչ մը աւելի բնակիչներու հարիւրէն 88,4 տոկոսը քրիստոնեաներ, հարիւրէն 4,1 տոկոսը մահմէտականներ ,ապա հարիւրէն 2,1 տոկոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւորդներ, հուսկ հարիւրէն 5,4 տոկոսը այլ կրօններու հաւատացողներ։ Հասարակածային Կըվինէայի կաթողիկէները կը հաշուէն 512.000,կան եկեղեցական 3 գաւառներ եւ 2 Եպիսկոպոսներ։ Իսկ թեմական մէկ վարդապետով ժողովրդապետութիւններու ընդհանուր թիւը 47ն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.