2009-10-29 13:10:35

Հայագիտական դասանիւթերու Սեմինար հայ ուսուցիչներուն ու մանկավարժերուն Պէյրութի մէջ։


Հայագիտական դասանիւթերու Սեմինար հայ ուսուցիչներուն ու մանկավարժերուն Պէյրութի մէջ։

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւններուն, կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2009-ին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Ֆարաճեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչներու մանկավարժական-մեթոտաբանական միօրեայ սեմինար մը՝ ներկայութեամբ վարժարաններու տնօրէններուն, կրթական պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն։ Խօսք առաւ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ այս սեմինարը կարեւոր իրադարձութիւն մըն է, քանի որ հայագիտական դասանիւթերը կը կազմեն հայ դպրոցի առաքելութեան հիմնական առանցքը, եւ աւելցուց ըսելով որ յառաջիկային բազմատեսակ նախաձեռնութիւններ պիտի իրականան, որպէսզի հայ աշակերտը իրապէս սիրէ իր մայրենի լեզուն եւ իր ժողովուրդին պատմութիւնը։ Խօսք առաւ նաեւ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնուհին՝ Ռիթա Պոյաճեան եւ ըսաւ. ՝՝ միօրեայ սեմինարին կայացումը արտայայտութիւնն է հայեցի դաստիարակութեան գծով գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւններուն եւ այլ դիտակէտէ՝ պատկերը բարելաւելու յանձնառութեան։ Հայագիտական դասանիւթերը աշակերտներուն համար պէտք է ըլլան հաճելի պահեր եւ ազգային դաստիարակութեան միջոցներ՝՝։ Իսկ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչը՝ Վարդան Թաշճեան անդրադառնալով գրասենեակին աշխատանքներուն, ներկայացուց ՜՜Իմ հայոց պատմութիւնս՝՝ աշակերտական ուսումնասիրութիւններու կայքէջին ծրագիրը։ Օրուան առաջին զեկուցումը ներկայացուց Պօղոս Սնապեան ՜՜ Հայերէնի կարեւորութիւնն ու արժէքը՝՝ նիւթով եւ հաստատեց, թէ եթէ ուսուցիչը իր նիւթին շուրջ ունենայ պաշտամունք, ապա բոլոր դժուարութիւններն ու հարցերը լուծուած կըլլան։ Սնապեան նշեց, որ մեծ պարտականութիւն ունին Լիբանանի մէջ հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչները, որոնց համար ուսուցչութիւնը պէտք չէ ըլլայ պաշտօն, այլ՝ ազգային ոգի։ Արմէն Իւրնեշլեան խօսեցաւ հայոց պատմութեան կարեւորութեան ու արժէքին մասին նշելով որ ուսուցիչը պէտք է ունենայ գործին կարեւորութեան գիտակցութիւնը՝ միշտ ամրապնդելով եւ զարգացնելով իր գիտելիքները։ Արմէն Իւրնեշլեան յայտնեց, որ հայոց պատմութեան դասանիւթը կը միտի փոխանցել անհրաժեշտ գիտելիքներ, ազգային դաստիարակութիւն, համամարդկային քաղաքական միտքի զարգացում եւ քննադատական մտածելակերպի քաջալերում։ Սեմինարին երրորդ զեկուցաբերը Արփի Համբարեան, ներկայացուց հայերէնի դասաւանդման եղանակները եւ Գոհար Գանտահարեան զեկուցեց հայոց պատմութեան դասաւանդման եղանակներուն մասին եւ յայտնեց, որ պատմութիւնը միջոց է զարգացնելու աշակերտներուն քննական միտքը։ Դասաւանդման եղանակներուն մասին զեկուցումներուն զուգահեռ նաեւ տեղի ունեցան խմբական գործնական աշխատանքներ եւ զրոյց։ Հուսկ Շաղիկ Խիւտավերտեան ներկայացուց Համադրող-ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնները զեկուցումը նշելով որ համադրողը դասանիւթին կամ բաժինին ակադեմական առաջնորդն է, դասանիւթի ծրագիրի փոխանցման եւ կիրարկման հսկողն ու զանոնք տնօրինողն է եւ ուսուցանելու-սորվելու ընթացքը կարգաւորողն է։ Խիւտավերտեան նշեց, որ այս յարաբերութիւնները կը նպատակադրեն ապահովել բարձրորակ ուսուցանելու-սորվելու գործընթաց, բարելաւել աշակերտներու ուսման մակարդակն ու իրագործումները, օգտագործել ընձեռուած կարելիութիւնները եւ ղեկավարել մասնագիտականօրէն եւ արհեստագիտականօրէն։ Աւարտին խօսք առաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Հարպոյեան վարժարաններու հայագիտական դասանիւթերու համադրողը եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն գործակցութեան բարձր ոգիով կատարելու վստահուած պարտականութիւնները՝ ապահովելու համար նոր սերունդին ազգային ու առողջ հայեցի դաստիարակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.