2009-10-28 12:39:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի 20 Հոկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, ս. Պետրոս հրապարակը։

Սրբազան Հայրը, այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց 12-րդ դարու վանական աստուածաբանութեան ծաղկումի նիւթին վրայ ։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այսօր կ'ուզեմ իմ խորհրդածութիւնը կեդրոնացնել 12-րդ դարու վանական աստուածաբանութեան ծաղկումի վրայ։

Վանական աստուածաբանական դպրոցները կը գտնուէին քաղաքներու մէջ, անոնցմէ ոմանք դարձան առաջին համալսարանները։ Այդ դպրոցական ու աստուածաբանական վանքերը ծնունդ տուին երկու տարբեր աստուածաբանական մօտեցումներու։

Վանական աստուածաբանութիւնը, յառաջ եկած՝ Աստուծոյ սիրոյ բաղձանքէն, զարգացաւ շնորհիւ Ս. Գիրքի ընթերցումին ու աղօթքին, ուր բառերու եւ բնագիրներու խորացումով վանականները մշտատեւ միտում ունէին Քրիստոսը աւելի մօտէն ճանչնալու ։

Մինչ, դասական աստուածաբանութիւնը, յառաջ եկաւ ՜՜դասախօսի եւ աշակերտի միջեւ բանաձեւուած՝՝ հարցումներէն։ Այսպէս, տրամաբանութիւնը դրուեցաւ ի սպաս աստուածաբանութեան ըմբռնումին ու խորացումին։ Եւ այսպէս ալ, աստուածաբանական նոր բառամթերք մը ի յայտ եկաւ եւ ծնունդ տուաւ հանրածանօթ աստուածաբանական համառօտութիւններու։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ աստուածաբանական այս երկու հոսանքները հարկաւոր են, անոնք իրարզիրար կ'ամբողջացնեն։ Դասական աստուածաբանութիւնը մեզի կը յիշեցնէ թէ հաւատքի ու տրամաբանութեան միջեւ կայ բնական բարեկամութիւն եւ փոխադարձաբար բարեբեր է։ Իսկ Վանական աստուածաբանութիւնը մեզի ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ ճանաչումը կ'աճի միմիայն երբ ճշմարտութիւնը սիրուած է եւ ՜՜աստուածաբանական գիտութիւնը՝ սրտի իմաստութիւն՝՝կը դարձնէ։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները հրաւիրելով ամէն քրիստոնեայ խորացնելու հաւատքի խորհուրդներու նշանակութիւնը եւ այդ խորացումը բխի ու լուսաւորուի Աստուծոյ սէրէն։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով որ այսօր եկեղեցի կը մեծարէ Սիմոն եւ Թատէոս առաքեալները, թող անոնց աւետարանական վկայութիւնը նեցուկ ըլլայ բոլորիս , հաւատարմօրէն ապրելու Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին շնորհաւորագիրը Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ընտրութեան 10-ամեակին առթիւ։
Գարեգին Բ Վեհափառին ընտրութեան 10-ամեակին ուրախալի առիթով, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը շնորհաւորագիր մը ուղղած է որով կ'ընդգծէ համամիութենական երկխօսութեան արձանագրած յառաջդիմութիւնները։ Հռոմի Պապը երախտապարտ է Վեհափառին տարած անձնական յանձնառումին ՜՜ երկխօսութեան, համագործակցութեան ու բարեկամութեան համար կաթողիկէ եւ առաքելական եկեղեցիներու միջեւ՝՝։ 20-րդ դարու աւարտին Հայ Եկեղեցւոյ վերագտած ազատութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառած է համայն քրիստոնէութեան։ Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ վերակազմաւորման մեծ աշխատանքը, կը կարդանք շնորհաւորագրին մէջ, Ձեր վեհափառութեան վիճակուեցաւ եւ անոր արդիւնքները շուտով ի յայտ եկան ու ամէնուս յայտնի են. ինչպէս ՜՜նոր սերունդին քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, կղերին կազմաւորումը, նոր ժողովրդապետութիւններու ու քրիստոնէական կեդրոններու հաստատումը, քրիստոնէական արժէքներու զարգացումը ընկերային ու մշակութային կեանքին մէջ՝՝։ Սրբազան Քահանայապետը իր շնորհաւորագիրը կ'եզրափակէ Աստուծմէ հայցելով որ կաթողիկէ եւ առաքելական եկեղեցիները հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ մէջ միշտ աւելի միացած մնան։
Նշենք թէ 2008 ի Մայիս 9ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունած էր Գարեգին Բ վեհափառը։ Այդ առթիւ Սրբազան Քահանայապետը գոհունակութեամբ ընդգծեց կատարուած համամիութենական յառաջացումը երկու եկեղեցիներու միջեւ, յարելով որ Ս. Հոգին կարող է բանալու նոյնիսկ փակեալ դռները ։ Ապա Սրբազան հայրը վերակոչեց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արդի պատմութիւնը, պատմութիւնը որ գրուեցաւ հալածանքով ու արիւնով։ Վեհափառը իր կարգին քաջալերեց երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյացող երկխօսութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին որուն առաքելութիւնը կը նպաստէ զօրացնելու քրիստոնէական կեանքի ըմբռնումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.