2009-10-28 12:32:27

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ (ԿԸՍԷ ԽԱՎԻԷ ՍՈԼԱՆԱ)։ Լիւքսամպուրկի մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Նիստին ներկայ գտնուած են Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլթ, Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերով քաղաքականութեան պատասխանատու Խաւիէ Սոլանա, Եւրոպական խորհուրդի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատարի տեղակալ Հիուկ Մինկարելի եւ Եւրոպական Միութեան հարցերով արտաքին գործոց նախարար Տիեկօ Լոփեզ Կարիտօ։ Սոլանա Ազրպէյճանի արտաքին ործոց նախարարին հետ հանդիպման ընթացքին նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը պաշտպանէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան աշխուժացումը։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման։ Սոլանա նաեւ հանդիպում ունեցած Է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Անոնք քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, եւ մտքեր փոխանակած շրջանային զարգացումներու շուրջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆՇԵՑ 27 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔԻ 10-ԱՄԵԱԿԸ ։ Երէկ Հայաստան նշեց 27 հոկտեմբերի ահաբեկչական արարքի 10ամեակը։ Երկրին բարձրագոյն ղեկավարութիւնը այցելեց Եռաբլուրի պանթէոն, ուր ծաղիկներ զետեղուեցան ոճրային արարքին զոհ գացած պետական գործիչներու շիրիմներուն։ Երէկ Հայաստանի Ազգային Ժողովի բակին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ոճրային արարքի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի բացման արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի նախագահը, Ազգային ժողովի նախագահը, վարչապետը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, նախարարներ, պատգամաւորներ, զոհերու հարազատներ եւ մտերիմներ։ Յուշակոթողին հեղինակը աշխարհահռչակ քանդակագործ Երուանդ Քոչարն է։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԸՆԹԱՑԱԾ Է ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախաահները ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը յայտնեն, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ։ Ըստ հաղորդագրութեան, Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքով, Պեռնար Ֆասիէ եւ Ռոպըրթ Պրատքէ երկուշաբթի, 26 հոկտեմբերին Լիւքսամպուրկի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Համանախագահները նախարարներէն իւրաքանչիւրին հետ աշխատանքային խորհրդակցութիւններ կատարած են։ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի յառաջիկայ նիստը, տեղի կունենայ Աթէնքի մէջ, 1-2 դեկտեմբերին։
ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ԿԱՐՏԻԸՆԻ ՀԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻՆ։
Բրիտանական ՝՝Կարտիըն՝՝ օրաթերթին հետ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հարցազրոյցը Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծած է։ Հարցազրոյցի ընթացքին Էրտողան պնդած էր, որ Թուրքիա-Իսրայէլ ռազմավարական դաշինքը կենդանի կը մնայ, սակայն քննադատած էր Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանը, որ ըստ իրեն, սպառնացած էր Կազայի դէմ հիւլէական զէնքեր օգտագործել։ Իսրայէլեան ՝՝Ետիոթ Ահրոնոթ՝՝ օրաթերթը հաղորդեց, որ Լիպըրմանի մամլոյ խորհրդատուն յայտնած է, որ ամէն անհեթեթութիւն նկատի ունենալ չարժեր։ Իսրայէլեան այլ օրաթերթ մը՝՝Հաարեցը՝՝ գրեց, որ Թուրքիոյ վարչապետը Իսրայէլ-Թուրքիա եռացող լարուածութիւնը յաւելեալ գրգռեց։







All the contents on this site are copyrighted ©.