2009-10-27 12:51:37

Քրիստոնեայ Ափրիկէն


Քրիստոնեայ Ափրիկէն

Ափրիկեան Ցամաքամասի Սիւնոդհոսը Վատիկանի մէջ։ Ափրիկեան Ցամաքամասի 239 Եպիսկոպոսները իրենց երկրորդ Սիւնդոհոսը գումարեցին վատիկան 4 հոկտեմբերէն մինչեւ 25 հոկտեմբեր։ Սիւնոդհոսը եզրափակուեցաւ կիրակի 25 Հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոս տաճարի մէջ կայացած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով մը որը յատկապէս ճոխացաւ՝ ափրիկեան երփներանգ երգեցողութիւններով։ Մենք կը շարունակենք խօսիլ Ափրիկէի մասին,ճանչնալու համար Քրիստոնեայ Ափրիկէն։



ԿԱՆԱ։ Կանայի Սահմանադրութիւնը որ իր նախաբանի մէջ տեղ կուտայ ՝՝Յանուն Ամենակալ Աստուծոյ ՝՝խօսքին եւ որպէս մարդկային հիմնական իրաւունքեր կ՝ընդունի նաեւ Կրօնական Ազատութիւնը։ Կրօնաւորական խումբերը հարկէ որ արձանագրուին եւ ընդունին պաշտօնական ճանաչում՝ Պետութենէն։ Կանայի բնակչութեան թիւը 23 միլիոն է ,որու հարիւրէն 55,4 տոկոսը քրիստոնեաներ,հարիւրէն 24,4 տոկոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւողներ,ապա հարիւրէն 19,7 տոկոսը մահմէտականներ,հուսկ հարիւրէն 0,5 տոկոսը ալյ կրօններու հետեւողներ։ Կանայի կաթողիկէները կը հաշուէն 2.898.000, եւ կան Եկեղեցական 20 Գաւառներ ու 24 Եպիսկոպոսներ։ Թեմական մէկ վարդապետով ժողովրդապետութիւններու ընդհանուր թիւը 390 է, կան նաեւ 13 ժողովրդապետութիւններ առանց քահանայի։








All the contents on this site are copyrighted ©.