2009-10-26 12:59:19

իսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 26 Հոկտեմբերէն Կիրակի 1 Նոյեմբեր 2009։


Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 26 Հոկտեմբերէն Կիրակի 1 Նոյեմբեր 2009։

Երկուշաբթի 26 հոկտեմբերին տօնն է Անաստաս քահանայի եւ Վարոս ու Թէոտոս վկաներուն։

Անաստաս քահանան պարսիկ էր որ նոր զօրքերու մէկ գունդին կը պատկանէր, Խոսրով Բ.ի թագաւորութեան օրով։

Երբ պարսիկները պատերազմի բռնուեցան Հերակլ կայսեր հետ, եւ Երուսաղէմը գրաւուելով Քրիստոսի Խաչը գերի կը տարուէր, Մակունդոս, ինչպէս կը կոչուէր անիկա, տեսնելով խաչին շուրջ քրիստոնեաներուն բարեպաշտութիւնը եւ այդ առթիւ տեղի ունեցած հրաշքները, կանգ առաւ Հերապոլիս, քրիստոնէութիւնը ուսումնասիրեց, ու մկրտուեցաւ։ Պաղեստին դառնալով ան գնաց Ս. Սաբայի վանքը եւ կրօնաւորական կարգ մտնելով քահանայ ձեռնադրուեցաւ։ Որքան ան կը կարդար Սուրբերու կեանքը, այնքան կը լեցուէր անոնց նմանելու փափաքով։ Երբ անգամ մը Պեղեստինեան Կեսարիա գացած էր, պարսիկները, որոնց ձեռքն էր այն ատեն Ս. երկիրը, զինքը ձերբակալեցին, չարաչար տանջեցին եւ բանտարկեցին։ Բայց սուրբը կը զօրանար երկնային տեսիլքներով։ Յետոյ Պարսկաստան տարինք զինքը եւ բազմատեսակ կտտանքներէ ետք գլխատեցին։ Աւելի ուշ իր նշխարհները Կեսարիա տարուեցան։

Երեքշաբթի 27 Հոկտեմբերին տօնն է Հիպերիքեան վկաներուն։

Հիպերիքեաններ՝ Հիպերիքոս, Փիլոթէոս, Յակոբոս, Պարեգորոս, Աբիբաս, Դոմնաս եւ Յուլիանոս, Սամուսատցի էին եւ նահատակուած՝ Մաքսիմիանոս կայսեր հալածանքին մէջ։ Առաջին երկուքը՝ Հիպերիքոս եւ Փիլոթէոս կանուխէն քրիստոնէացած էին, երբ Մաքսիմիանոս կայսրը կրօնական տօնի մը առիթով , իրենց քաղաքը եկած էր եւ հանդիսութիւններ կը կատարուէին հոն, անոնք վերնատուն մը առանձնացած կ՝աղօթէին։ Այդ միջոցին միւս հինգը որոնք իրենց բարեկամներն էին զանոնք գտան եւ իրենք ալ ազդուած՝ այս երկուքին բարեպաշտութենէն ընդունեցան քրիստոնէութիւնը եւ յետոյ երբ յայտնուեցաւ իրողութիւնը ամէնքը միասին խաչուեցան քաղաքէն դուրս վայր մը եւ արժանացան նահատակութեան պսակին, ամէն մէկը իր ճակատէն ստուար բեւեռով մը գամուելով։

Հինգշաբթի 29 հոկտեմբերին տօնն է Սեւերիանոս Սեբաստացիի եւ Բաբելաս դպիրի ու անոր 84 աշակերտներուն։

Սեւերիանոս Սեբաստացին ականաւոր զօրական մըն էր Սեբաստիոյ շրջանի արքունի բանակին մէջ։ Ան կը պաշտպանէր քրիստոնեաները եւ կը քննադատէր օրուան իշխանները, որոնք անիրաւօրէն կը հալածէին անմեղ քրիստոնեաները։

Երբ ան Սեբաստիոյ կայսերական դուքսէն ատեան կանչուեցաւ, հրապարակաւ խոստովանեցաւ իր քրիստոնէական հաւատքը։ Դուքսը հրամայեց որ զինք ծեծի ենթարկեն արջառաջիլով ապա ոտքերուն ծանր քար մը կապուելով վար կախուեցաւ պարիսպէն։ Այսպէս նահատակուեցաւ Սեւերիանոս 322-ին։

Շաբաթ 31 Հոկտեմբերին տօնն է Բարաղամ Անտիոքացիի եւ Եփեսոսի եօթը մանուկներուն։

Բարաղամ Անտիոքի գիւղերէն բարեպաշտ շինական ծերունի մըն էր, լեցուն հաւատքով եւ աստուածապաշտութեամբ. ան իր հաւատքին համար քաջութեամբ հանդուրժեց բանտն ու տանջանքները։ Երբ կայսերական ատեան կանչուեցաւ , կայսրը հրամայեց զոհ ընծայել կուռքերուն սակայն ինք մերժեց ։ Կը պատմուի թէ այն ատեն կայսրը իր ափին մէջ խունկ դնել տուաւ եւ վրան ալ կրակ. եթէ խունկը թափէր կուռքին առջեւ՝ խունկ մատուցած պիտի համարուէր ու ազատ արձակուէր։ Սակայն ծերունի Բարաղամ անշարժ պահեց իր ձեռքերը մինչեւ որ ամբողջ ձեռքը այրեցաւ ապա եւ մարմինը, ու մեռաւ հրկէզ։ Այսպէս աւանդեց Բարաղամ իր մաքուր հոգին 304-ին։

Կիրակի մէկ Նոյեմբեր 2009, Ը. Կիրակի զկնի Խաչի, ու Ամենայն Սրբոց տօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.