2009-10-26 13:01:36

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱԳՈՅՆ ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒՍ։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Սենոր Հասրաթեան մեկնաբանած է 24 հոկտեմբերին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տարածած այն լուրը, թէ հայկական կողմի կրակոցէն սպաննուած է ազրպէյճանցի զինուոր մը։ Հայ արձակազէնի փամփուշտով ազրպէյճանցի զինուորի սպանութեան լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան, ղարաբաղեան կողմը չէ խախտած զինադադարի դրութիւնը(ews.am լրատուական կայքէջին այսպէս ըսած է Սենոր Հասրաթեան)աւելցնելով, որ ասիկա ազրպէյճանցիներուն հերթական սուտն է։ Նշենք, որ Աղտամի մօտ գտնուող ճակատային գիծին վրայ զինադադարի դրութեան խախտումին մասին տեղեկատուութիւնը տարածած են ազրպէյճանական բոլոր լրատուամիջոցները՝ միաժամանակ նշելով, որ այդ տեղեկութիւնը չի հաստատեր նոյնիսկ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ԿՈՉԸ։
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբոսաշրջութեան նախարարը կոչ ըրած է որպէսզի սկիզբ առնեն հայ-թրքական մշակութային շփումները…այսպէս Անիի աւերակները վերականգնելու նպատակով կը հանդիպին հայ եւ թուրք մասնագետները: Ինչպէս նաեւ աշխատանքներ կը տարուին հայ-թրքական համատեղ երաժշտական նախագիծ իրականացնելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական ՝՝Star՝՝ թերթը:Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբոսաշրջութեան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայը ՝՝Star՝՝օրաթերթին տուած հարցազրույցով յայտնած է, որ Հայաստանի հետ մշակութային ոլորտի մէջ համագործակցութեան համար աշխատանքները կ՝ընթանան։ «Այս ծիրէն ներս առաջին քայլը կ՝ըլլայ երկու երկրներու մասնագէտներու համատեղ աշխատանքով թուրք-հայկական սահմանը գտնուող Անիի վերականգնումը : Այս ուղղութեամբ շատ մօտ ապագային դրական քայլեր կ՝առնուին : Առաջարկութիւններ եկած են որպէսզի իրականացուին երկու երկիրներու համատեղ երաժշտական միջոցառումներ։ Թուրք եւ Հայ երաժիշտները Թուրքիոյ, Հայաստանի կամ Եւրոպայի մէջ կարող են համատեղ նախագիծեր իրականացնել: Մեր թրքական երաժշտութեան մեջ շատ հսկայ կատարողներ ծագումով հայ են: Մեր հայ քաղաքացիները շատ կարեւոր տեղկը գրաւեն մեր մշակոյթի, ճարտարապետութեան, երաժշտութեան, արուեստի մասնաճիւղերու մէջ։ Անոնք շատ թանկարժեք արուեստագետներ են: Առանց անոնց հնարաւոր չէ մտածել մեր երաժշտութեան կամ ճարտարապետութեան մասին(րնդգծած է Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարը Էրթուղրուլ Կիւնայ)։
Այսօր Լիւքսեմպուրկի մէջ քննարկումներ կը կատարուին Հարաւային Կովկասի Իրավիճակի եւ Ղարաբաղյան հարցի վերաբերեալ ։
Այսօր,հոկտեմբեր 26, Լիքսեմպուրկ տեղի կունենայ Եւրոյխորհուրդի եռեակ երկրներու ՝ Ադրբեջանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի հանդիպումը։ Հանդիպումը(որը նախապատրաստութիւն կը դառնայ ԵԽ երկրներու առաջնորդներու՝ հոկտեմբեր 29-30ին կայանալիք Գագաթնաժողովին) ներկայ կը գտնուին Հարավային Կովկասի երկրներու արտգործնախարարները։ Ըսենք որ տարածաշրջանային երեք երկրներն ալ կը մտնեն Եւրոյխորհուրդի «Արեւելեան Գործընկերութիւն» ծրագրին մեջ, որու իրականացման համար 2009-2013թթ համար ,մաս առ մաս տրամադրուած է 600 մլն Էուրօ։ Բացի այդ, ինչպէս որ յայտնած էր /a> -ը, հոկտեմբեր 25-27-ը Լիւքսեմպուրկի մէջ կը գտնուին ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահներ՝ Եուրի Մերզեյակովը (Ռուսաստան), Բեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա) եւ Ռոբերտ Բրադկեն (ԱՄՆ)։ Ինչպէս հաղորդուած է ԵԱՀԿ-ի կազմակերպութեան պաշտօնական կայքէջի վրայ հրապարակուած տեղեկատութեան մէջ, միջնորդները կը հանդիպին Հայաստանի եւ Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդվարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ։ Լիւքսեպմպուրկի մէջ համանախագահները կը պատրաստուին ներկայացնելու նոյեմբերին Երեւան եւ Բաքու կատարելիք իրենց այցի, ինչպես նաեւ 2009թ. դեկտեմբերին ԵԱՀԿ-ի նախարարներու Խորհրդուի Ղարաբաղեան հարցի քննարկումներու նախապատրաստութեան մասին մանրամասնութիւններ։
Հոկտեմբերի 27-ի զոհերի հիշատակի Յուշարձան՝ ԱԺ Բակի մէջ։
Հոկտեմբեր 27ին,առաւօտեան ժամերուն (ժամը 11.20-ին) Ազգային ժողովի պարտէզը տեղի կունենայ 1999 թ. հոկտեմբեր 27-ին Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ իրականացած ոճրագործութեան զոհ գացող պետական ու քաղաքական գործիչներ ՀՀ Ազգային հերոս Կարեն Դեմիրճեանի, ՀՀ Ազգային հերոս Վազգեն Սարգսեանի, Յուրի Բախշեանի, Ռուբեն Միրոեանի, Միքայել Քոթանեանի, Արմենակ Արմենակեանի, Հենրիկ Աբրահամեանի, Լեոնարդ Պետրոսեանի յիշատակը յաւերժացնող Յուշակոթողի բացման արարողութիւնը ։ Այս մասին հաղորդած է ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան հետ կապերու Վարչութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.