2009-10-25 14:38:18

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագով, ս. Պետրոս տաճարին մէջ, եզրափակեց Ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ սիւնոդոսը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագով, ս. Պետրոս տաճարին մէջ, եզրափակեց Ափրիկէի եպիսկոպոսական երկրորդ սիւնոդոսը։



Կիրակի առաւօտ Սրբազան Հայրը սիւնոդոսական Հայրերու հետ միասին համապատարագ մատուցեց ս. Պետրոս տաճարին մէջ։

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը յոյսի պատգամ մը ուղղեց ափրիկէի քրիստոնեաներուն, հրաւիրելով զանոնք որ իրենց հաւատքը հիմնեն Յիսուս Քրիստոսի վրայ։

Եղբայրներ, ըսաւ Սրբազան հայրը, գոհութիւն մատուցանենք Տիրոջ այս խորհրդաւոր հանդիպումին համար մարդու տկարութեան ու Աստուծոյ մեծութեան միջեւ։ Աստուած անգամ մը եւս վերանորգեց իր կանչը. ''քաջութիւն, ոտքի ել'' Ափրիկէի Եկեղեցին իր եպիսկոպոսներու հետ միասին, եկած ցամաքամասի բոլոր վայրերէն, անսալու Աստուծոյ յոյսի կանչը եւ միասնաբար ընթանալու այն ուղիին վրայ որ կ'առաջնորդէ դէպի Աստուծոյ Արքայութիւնը։ ''Գնա', հաւատքդ քեզ փրկեց''։, ըսաւ Սրբազան հայրը, Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ տածած հաւատքը կ'առաջնորդէ դէպի ազատութիւն ճշմարտութեան մէջ։ Մէկ խօսքով կ'առաջնորդէ հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան։։

Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ Եպիսկոպոսական Հայրերը ընդգծեցին այն ճշմարտութիւնը թէ Եկեղեցին Աստուծոյ ընտանինքն է, հետեւաբար կարելի չէ յարկէն ներս ընդունիլ ցեղային, լեզուական ու մշակութային խտարականութիւն։

Քաջութիւն, ոտքի ել', Քրիստոս այս խօսքերով յոյս կու տայ Ափրիկի Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդներուն։

Հուսկ Սրբազան հայրը յիշեցուց թէ Ափրիկէն հոնղն է որ Յիսուսը ընդունեցաւ երբ ան պարտադրուեցաւ աքսորուիլ Եգիպտոս սուրբ Յովսէփի ու Մարիամի հետ Հերովդէսի հալածանքէն փախուստ տալով։

Քարոզին աւարտին Նորին Սրբութիւնը ողջունեց սիւնոդոսական Հայրերը եւ անոնցմէ խնդրեց իր առաքելական օրհնութիւնը հաղորդելու իրենց ժողովուրդին։ Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք նպաստեցին սիւնոդոսի յաջողութեան, շնորհիւ իրենց բերած ջանքին կամ աղօթքին։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը վարցատրէ ամէնքը եւ Ափրիկէի Եկեղեցւոյ համար ընդունի շնորհքը ու քաջութիւնը հրապարակաւ քարոզլելոՔրիստոսը` աղը ու լոյսը աշխարհի։



Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն

ԿԱՊՕՆ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ կրօնական լրիւ ազատութիւն։ Կրօնաւորական Խումբերէն կը պահանջուի որպէսզի արձանագրուին Ներքին Գործոց Նախարարութեան մօտ,բայց եւ այնպէս զանցառութիւնը անոնց գործունէութեան արգելք չի հանդիսանար։ Կապօնի Կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը պայքարի աւանդական կրօններու մաս կազմող ֆիզիքական վնասներ յառաջացնող ծիսակատարութեանց դէմ։ Շուրջ մէկ ու կէս միլիոն բնակիչներու հարիւրէն 90,6 տոկոսը քրիստոնեաներ,հարիւրէն 4,6 տոկոսը իսլամներ ,հարիւրէն 3,1 տոկոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւողները հուսկ՝հարիւրէն 1,7 տոկոսը այլ կրօններու պատկանողներ։ Կապոնի կաթողիկէները կը հաշուէն՝ 753.000 ,ունենալով եկեղեցական 6 գաւառներ,եւ 5 Եպիսկոպոսներ։ Թեմական մէկ վարդապետով ժողովրդապետութիւններու ընդհանուր թիւը 67ն է,կան նաեւ 9 ժողովրդապետութիւններ՝առանց վարդապետի։





ԿԱՄՊԻԱ։ Կամպիայի Սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ կրօնքի ազատութիւնը։ Բնակիչներու թիւը մէկ ու կէս միլիոն՝որու հարիւրէն 86,9տոկոսը իսլամ, հարիւրէն 7,8 տոկոսը ափրիկեան աւանդական ծէսերու հետեւողներ,հարիւրէն 3,9 տոկոսը քրիստոնեաներ հուսկ՝հարիւրէն 1,4 տոկոսը այլ կրօններու հաւատացողներ։ Կամպիայի մէջ կան 42.000 կաթողիկէներ,եկեղեցական մէկ գաւառով եւ 3 Եպիսկոպոսներով։ Թեմական մէկ վարդապետ ունեցող ժողովրդապետութիւններու թիւը 19 է,իսկ կան 34 ժողովրդապետութիւններ առանց վարդապետի ։



Ծանօթ. ՌատիօՎատիկանի կայքին մէջ կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին։ Մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտեսը ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէօր հետեւիլ Ափրիկէի եկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքը եւ կարդել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները








All the contents on this site are copyrighted ©.