2009-10-25 14:38:42

Ծիսական Ժամանակացոյց

Կիրակի 25 Հոկտեմբերին Ս. Խաչի 7-րդ կիրակին՝ Գիւտ Խաչի տօնն է։


Ծիսական Ժամանակացոյց

Կիրակի 25 Հոկտեմբերին Ս. Խաչի 7-րդ կիրակին՝ Գիւտ Խաչի տօնն է։

Գիւտ Խաչը, Քրիստոսի Խաչափայտին գտնուելուն յիշատակութիւնն է։ Օրէնք էր որ մահապարտներուն եւ մանաւանդ խաչեալներուն մարմինն ու տանջարանը իրենց տեղը մնային։ Քրիստոսի մարմինը սակայն, Պիղատոսի հրամանաւ թաղում ունեցաւ, բայց Խաչը մնաց Գողգոթայի վրայ միւս խաչերուն հետ եւ հոն թաղուած մնաց, երբ քրիստոնէութեան նախատինք ընելու համար Գողգոթան որպէս աւելորդաց աղբիւս գործածուեցաւ։ Այսպէս մնած երեք հարիւր տարի։

Կոստանդիանոսի մայրը Հեղինէ Երուսաղէմ այցելեց Ս. Տեղերը պատուելու եւ Քրիստոսի խաչը գտնելու նպատակով։ Յուդա անունով բանգէտ հրեայ մը օգնեց իրեն Գողգոթային վայրը ճշդելու համար եւ սկսան պեղումները, այսպէս 20 թիզ խորութեան ներքեւ երեք խաչեր իրարու քով գտնուեցան, բայց անհնար էր ճշգրիտ կերպով զատել Քրիստոսի Խաչը միւս երկու աւազակներու խաչերէն. այն ատեն նոյն ժամուն մեռած պատանիի մը դիակը դրին իւրաքանչիւր խաչի վրայ սպասելով հրաշքի մը, երրորդ խաչին վրայ դնելով պատանին յարութիւն առաւ ասով ճանչցան բուն Խաչը։ Հրեայ բանգէտ Յուդան այս հրաշքէտ ետք քրիստոնեայ դարձաւ ապա եղաւ եպիսկոպոս առնելով Կիւրեղ անունը ու իր մօր Աննայի հետ նահատակուեցաւ։

Խաչափայտը Հեղինէի փեռքով զետեղուեցաւ Երուսաղէմի մեծ տաճարին մէջ, եւ 400 տարի շարունակ հոն մնաց։ Խաչին գիւտը տեղի ունեցաւ 327-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.