2009-10-24 12:58:51

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը վաւերացնէ անկլիգան եկեղեցւոյ հայող առաքելական սահամանադրութիւնը, արտօնելով անկլիգան կղերին ու հաւատացեալներուն յառումը կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Ուեսթմինսդերի կաթողիկէ առաջնորդի եւ անկլիգան հաղորդութեան գահերէցի միացեալ յայտարարութիւնը։



Ընդառաջելով անկլիգան եկեղեցւոյ բազմաթիւ կղերի ու հաւատացեալներու խնդրանքին յառելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Սրբազան Քահանայապետը, վաւերացուց անկլիգան եկեղեցւոյ հայող առաքելական սահամանդրութիւնը, յայտարարած է մամուլին կարտինալ Լեվատա` կառավարիչը հաւատոյ ժողովին։ Կարտինալ Ուլիամ Լեվատան մամուլին բացայայտեց թէ Սրբազան Հայրը ընդառաջեց անոնց կաթողիկէ եկեղեցւոյ յառումի բաղձանքին պահելով հանդերձ

անկլիգան հոգեւոր ու ծիսական ժառանգութեան կարգ մը տարրերը։ Կաթողիկէ եկեղեցին, մատնանշեց կարտինալ Լեվատան, համապատասխանելով աշխարհի զանազան վայրերէն հաւատացեալներու դիմումներուն արտօնեց անոնց լիիրաւ յառումը կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Առաքելական սահամանադրութիւնը որ մօտ օրէն լոյս պիտի տեսնէ կը ներկայացնէ պատշաճ պատասխան մը այս երեւոյթին։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Դրոշմաթուղթերու արտակ երաժշտութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։

Վատիկանի դրոշմաթուղթերու գրասենեակը, երաժշտութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, հրապարակած է երեք դրոշմաթուղթեր նուիրուած Հանտելի, Հայտընի եւ Մենտելսոնի, ինչպէս նաեւ առաջին խտացեալ սկաւարակ մը` որ կը ներփակէ կտորներ վերոյիշեալ երեք երաժշտագէտներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.