2009-10-24 12:59:12

Ափրիկէի եպիսկոպոսաց երկրորդ յատուկ սիւնոդոսի աշխատանքները


Ափրիկէի եպիսկոպոսաց երկրորդ յատուկ սիւնոդոսի աշխատանքները

Շաբաթ կէսօրին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ներկայացումը Ափրիկէի երկրորդ եպիսկոպոսական յատուկ սիւնոդոսի եզրափակիչ աշխատանքներուն։ Ապա սիւնոդոսական Հայրերը, կէսօրուայ ճաշին, հիւրը եղան Սրբազան Քահանայապետին Սրբուհի Մարթա կոչուած սրահին մէջ։

Ափրիկէի երկրորդ եպիսկոպոսական յատուկ սիւնոդոսի աշխատանքներու աւարտին, Սիւնոդոսական Հայրերը, պատգամ մը ուղղեցին Քրիստոնեայ աշխարհին։

Պատգամին մէջ անոնք կը գրեն. այս սիւնոդսը եղաւ Աստուծմէ պարգեւուած յատուկ շնորհք մը, օրհնութեան մեր գոհաբանութիւնը կը բարձրացնենք Ամենախնամ Տիրոջ եւ կը յուսանք ցոլացնել այս շնորհքները Ափրիկեան ցամաքամասի բոլոր ժողովուրդներուն։ Եպիսկոպոսական Երկրոդ սիւնոդոսի աշխատանքը կեդրոնացաւ ''հաշտութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն'' նիւթերու վրայ։ Մեր ցամաքամասը ստիպողական կարիքը ունի այս երեք առաքինութիւններուն ։ Եւ մինչ կը պատրաստուինք վերադառնալ մեր տունը, ուզեցինք վերանորոգ յանձնառումով ու քաջութեամբ մեր պատգամը ուղղել համայն Եկեղեցւոյ Աստուծոյ Ընտանիքին։

Պատգամը եօթը ստորաբաժանում ունի. Հայացք մը այսօրուան Ափրիկէի վրայ։ Հաւատքի լոյսով դիտել աշխարհը։ Եկեղեցին Ափրիկէի մէջ։ Տիեզերական Եկեղեցին։ Կոչ միջազգային հասարակութեան։ Ափրիկէ ոտքի ել'։ Հոգեւոր ոյժերու Միութիւն ։

Պատգամը կ'եզրափակուի յոյսի կոչով մը. Ափրիկէն անզօր չէ։ Մեր ճակատագիրը տակաւին մեր ձեռքերուն մէջն է, մեզմէ կը խնդրուի գործել եւ պտղաբերել։ Ափրիկէն արդէն իսկ շարժումի մէջ է ու Եկեղեցին կ'ընթանայ անոր հետ հաղորդելով անոր Քրիստոսի լոյսը։ Ջուրերը կրնան ըլլալ ալիքաւոր, սակայն մեր հայեացքը ուղղելով Քրիստոսի, անվտանգ կարող ենք հասնիլ ''հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան նաւահանգիստը''։ Ափրիկէ ել', առ' անկողինդ ու քալէ'։

Սիւնոդոսական Հայրերու պատգամը կ'եզրափակուի Պօղոս առաքեալի կորնթացիներու ուղղած սա խօսքով. ''Այսուհետեւ եղբայրներ, ողջ եղէք, հաստատ մնացէք, մխիթարուեցէք, աշխատեցէք ձեր կատարելութեան, միաբան եղէք, խաղաղութեամբ ապրեցէք եւ Աստուած սիրոյ ու խաղաղութեան` ձեզի հետ պիտի ըլլայ. ամէն''։



ՃԱՆՉՆԱՆՔ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՓՐԻԿԷՆ։

ԳՈՄՕՐԷ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ կրօնական ազատութիւնը,բայց գործնականին մէջ կառավարութիւնը կը շարունակէ սահմանափակել այս իրաւունքը։ Երկրի 800հազարէն քիչ մը աւելի բնակիչներու հարիւրէն 98 տոկոսը մահմէտական է, 1,2 տոկոսը քրիստոնեաներ եւ 0,8 տոկոսը այլ կրօններու կը պատկանին։ Կրօնաւորական խումբերը պէտք չունին պետական արտօնութեան բայց եւ այնպէս ոչ-իսլամներու համար կրնայ մարդորսութիւն նկատուիլ իրենց հաւատքի հանրային իւրաքանչիւր գործադրութիւնը ։ Գուրանը կ՝ուսուցանուի պետական դպրոցներու մէջ,բայց կրօնքի դասը ստիպողական չէ այլ հաւատքի պատկանող փոքրերուն համար։ Արգիլուած է ոչ-իսլամական կրօնական գրականութան բաշխումը, զգեստ եւ խորհրդանիշեր։ ԳՈՄՕՐԷ-ի մէջ կան 6 հազար կաթողիկէներ,եկեղեցական մէկ գաւառով եւ 2 ժողովրդապետութիւններ՝թեմական մէկ վարդապետով։

Ծանօթ. ՌատիօՎատիկանի կայքին մէջ կարելի է գտնել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները, անոնց տուած ասուլիսները միջազգային մամուլին։ Մօտէն ճանչնալ քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Այս ամէնը, զանազան լեզուներով, կարելի է լսել կամ կարդալ ու տեսնել պատկերասփումները։ Նոյնպէս կարելի է թղթատել կայքին մէջ պատրաստուած Ափրիկէի գունաւոր քարտեսը ուր մատնանշուած են ցամաքամասին բոլոր երկիրները տարբեր գոյներով եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ քաղել։ Շնոհիւ այս կայքին կարելի է օրէօր հետեւիլ Ափրիկէի եկրորդ յատուկ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի աշխատանքներու ընթացքը եւ կարդել սիւնոդոսական Հայրերու միջամտութիւնները










All the contents on this site are copyrighted ©.