2009-10-24 12:51:44

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՌՈՒԲԵՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՀՀ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄՕՏ։ Հոկտեմբեր 23ին Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ ՀՀ Դեսպան Ռուբեն Կարապետեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանոյին։ Հաւատարմագրերու ներկայացման արարողութեան ընթացքին նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանօ նշած է որ Հայաստանը կարեւոր գործընկեր է Իտալիոյ համար, իսկ հայ եւ իտալացի ժողովուրդներու յարաբերութիւնները հազարամեակներու պատմութիւն ունին։ Դեսպան Ռ.Կարապետեան իր կարգին շեշտած է Իտալիոյ հետ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի վրայ բարձրացնելու հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը։ Այդ նպատակով Ռուբեն Կարապետեան յանուն Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին հրաւիրած է Իտալիոյ Նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանոն այցելել Հայաստանը։

Հայաստան Կը Բողոքէ Ատրպէյճանի Սպառազինութեան Դէմ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տուած տեղեկութիւններով, Հոկտեմբեր 23ին, ՄԱԿի համաժողովի յանձնաժողովի կողմէ «Տարածաշրջանային զինաթափումն ու անվտանգութիւնը» օրակարգի քննարկման ընթացքին՝ ելոյթ ունեցած է ՄԱԿի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Կարէն Նազարեան, որ կարեւոր նկատած է միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու, յատկապէս՝ ՄԱԿի ու ԵԱՀԿի ու անոնց ծիրէն ներս ընդունուած պայմանագրերու եւ համաձայնագրերու նշանակութիւնը զինաթափման գործընթացին համար:
 Հայաստանի ներկայացուցիչը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ Եւրոպայի Սովորական զինուած ուժերու (ԵՍԶՈՒ) մասին պայմանագրի դրոյթներուն կոպիտ խախտման փաստին վրայ: Ըստ իրեն, ՄԱԿի եւ ԵԱՀԿ պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ զինուիլ եւ կը գերազանցէ ԵՍԶՈՒ պայմանագրով սահմանուած սովորական սպառազինութիւններու հինգ տեսակներէն՝ երեքին թոյլատրելի առաւելագոյն մակարդակները։ Ան նշած է, որ նման խախտումներն ու ատրպէյճանական ղեկավարութեան ռազմատենչ ու հայատեաց յայտարարութիւնները վտանգաւոր են տարածաշրջանային անվտանգութեան համար եւ կրնան բացասաբար անդրադառնալ ԼՂ հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին:

Մարք Ուայլէնտ Եւ Փօլ Գրիգորեան Եւս Պիտի Պատուուին Հայ Դատին Կողմէ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի Նոյեմբեր 8ին կայանալիք իր տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին, «Տարուան խորհրդարանականը» մրցանակով պիտի պատուէ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Մարք Ուայլէնտն ու Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեանը:Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան այս ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի  ատենապետ  Էլիզապէթ Պոյաճեան կը յայտնէ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին երկու խորհրդարանականները ղեկավար դերակատարութիւն ստանձնած էին Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին եւ խորհրդարանին մէջ տարուող այն աշխատանքներուն մէջ, որոնց նպատակն էր երաշխաւորել, որ Քալիֆորնիան մնայ ցեղասպանութեան դէմ արշաւին մղիչ ոյժը, ճանաչման հանգրուանէն՝ անցելով հարցին կրթական ու տնտեսական հանգրուաններուն: Սան Տիէկոյի հիւսիսային շրջաններու ներկայացուցիչ Մարք Ուայլէնտ Ծերակոյտին ներկայացուցած էր Քալիֆորնիոյ պետական վարժարաններու՝ Հայկական Ցեղասպանութեան դասընթացքիներուն մէջ վերապրողներու բերանացի պատմութիւնները ընդգրկելու բանաձեւը:
 Իր կարգին, Փօլ Գրիգորեան խորհրդարանին ներկայացուցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչուող թիւ 961 բանաձեւը, որ կ՛արգիլէ նահանգային ծրագիրներուն մասնակցութիւնը այն ընկերութիւններուն, որոնք Ցեղասպանութեան զոհերուն իրաւունքները ոտնակոխած են: Ան ներկայացուցած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման՝ Ծերակոյտի եւ խորհրդարանի տարեկան միացեալ թիւ 14 բանաձեւը: Ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին պիտի պարգեւատրուին նաեւ Քալիֆորնիոյ ընդհանուր դատախազ Ճէրի Պրաունն ու «Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի հիմնադիր Յարութ Սասունեանը, տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Convention Center-ին մէջ: Հանդիսավարն է Քալիֆորնիոյ խորհրադրանի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ:

- ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 25-27 հոկտեմբերին Լիւքսեմպուրկի մէջ հանդիպում կ'ունենան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։
 









ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ-ԻՆ։
Եւրոպայի Ցամաքամասը այսօրուընէ սկսեալ կ՝անցնի ձմեռնային ժամանակացոյցի։ Այսինքն այսօր կէս գիշերին ժամացոյցներու սլաքը մէկ ժամ ետեւ պէտք է որ առնուի։









All the contents on this site are copyrighted ©.